image

Պէշիր Ժըմայէլ. «Դաւաճա՞ն», թէ՞ «հերոս»

Պէշիր Ժըմայէլ. «Դաւաճա՞ն», թէ՞ «հերոս»

34  տարի առաջ  այս օրը  ահաբեկչական մեծ  պայթումի մը զոհ կ'երթարերբեմնի   «Լիբանանեան ուժեր» միլիցի  առաջնորդ    եւ Լիբանանի նախագահ Պէշիր Ժըմայէլ: Ժըմայէլ  նախագահ ընտրուած էր 1982-ին  բաւականին դժուար  պայմաններու  մէջ,  հանգրուանի մը,  երբ մայրաքաղաք Պէյրութը բաժնուած էր երկու ՝ քրիստոնէական  եւ իսլամական  շրջաններու: Ժըմայէլ    քաղաքական  ասպարէզ  մուտք կը գործէր  «Լիբանանեան ճակատ»   անունով   յայտնի  «քրիստոնէական ճամբար»ի շարքերէն, որ   ստեղծուած էր պայքարել պաղեստինեան  զինեալ  խմբաւորումներուն  դէմ, որոնք   ըստ նոյն ճակատի    առաջնորդներուն, նպատակադրած էին  «Լիբանանը  դարձնել    նոր Պաղեստին»:ՊԱԿ-ի (PLO` Պաղեստինի  ազատագրութեան  կազմակերպութիւն, որուն ղեկավարն էր Եասէր Արաֆաթ)  կը գլխաւորէր երկրին  տարբեր  շրջաններուն  մէջ    քրիստոնեայ միլիցներուն  դէմ  ճակատող  զինեալ բոլոր խմբաւորումները:  Ժըմայէլ, որ  կրտսեր որդին էր «Փաղանգաւոր» կուսակցութեան հիմնադիր ՝ Շէյխ Փիէռ  Ժըմայէլին (Ժըմայէլի երէց որդին՝ Ամին Ժըմայէլն էր, որ նախագահ պիտի ընտրուէր, իր եղբօր ողբերգական սպաննութիւնէն ետք)   կը ստանձնէր, «Լիբանանեան  ճակատ»ի   ստեղծած «Լիբանանեան ուժեր» անունը կրող զինեալ  խմբաւորումի ղեկավարութիւնը ու բաւականին   թէժ մարտերէ ետք  կը  յաջողէր  «գծել»     Պէյրութի  նոր սահմանները՝ ստեղծելով  արեւելեան (քրիստոնեայ) եւ արեւմտեան (իսլամական)  երկու  «պէյրութ»ներ:   Զինուորական  բախումներու ամէնէն ծանր փուլին,  ըստ որոշ պատմաբաններուն, քրիստոնեայ համայնքներ կը դիմէին Սուրիոյ՝ այդ օրերու նախագահ Հաֆէզ Ասատին, ստանալու  վերջինիս  «նեցուկ»ը,  անկէ խնդրելով խաղաղապահ ուժեր    տեղակայել  Լիբանանի մէջ: Այս բոլորով հանդերձ ու հակառակ  եղած  ընդհանուր դասաւորումներուն, երկրին մէջ մարտերը կը շարունակուին: Աւելի ուշ  Ժըմայէլ  կ'որոշէ իր թեկնածութիւնը առաջադրել՝ Լիբանանի  հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին:    Ան  նախագահ կ'ընտրուի   եւ  կը դառնայ  1943-ին  իր անկախութիւնը ստացած երկրի 12–րդ նախագահ:

 

 Ժըմայէլի  նախագահ ընտրուիլը,   տարբեր առումներով    ծանր վնաս կը հասցընէր շրջանային համաձայնութիւններու ընդհանուր ձեւաչափին: Սուրիական կողմին հետ բաւական մեծ  տարակարծութիւններ ունեցող  մարոնիթ առաջնորդ Ժըմայէլ եւ իսրայէլացիներուն  համար ալ «աչքի փուշ» դարձած նախագահ  Ժըմայէլ  կը սպաննուէր             յետ նախագահական  ընտրութեան, իր  կատարած   շրջայցներէն  մէկուն ընթացքին ՝ քրիստոնէական Էշրէֆիյէ շրջանին մէջ ՝  14 սեպտեմբեր  1982-ին:     Եղած պայթումին հետեւանքով կը զոհուին  նաեւ     Ժըմայէլի գաղափարակիցներէն  26-ը:

 Լիբանանի  արդի պատմութեան մէջ  Պէշիր Ժըմայէլ կերպարը  հաւասարապէս կը ներկայացուի, որպէս «դաւաճան»  եւ  որպէս «հերոս»: Մինչ  երկրի «յառաջդիմական» համարուած  կողմերը Ժըմայէլը կը դաւանին   երկրի իսլամ եւ  ձախակողմեան-  պաղեստինեան   կողմերուն դէմ   գործած  «դաւաճան»  մը, անդին քրիստոնեայ  համայնքներու մեծամասնութիւնը եւ յատկապէս մարոնիթ համայնքի  ջախջախիչ տոկոսի  Ժըմայէլը կը համարեն     Լիբանանը փրկել փորձող    «հերոս»  մը, որ կը սպաննուէր առանց  հասնելու  իր վախճանական նպատակին, որն էր վերակերտել ՝ ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան Լիբանան մը: Երեւելի է նաեւ, որ  նախքան իր  նախագահ ընտրուիլը  կայ  տարբեր  Պէշիր Ժըմայէլ մը ու ընտրութիւնէն յետոյ ալ  գոյութիւն ունի,    այլ Պէշիր Ժըմայէլ մը:Որպէս   քրիստոնեայ միլիցի առաջնորդ Ժըմայէլ  այլ կերպ կը ներկայանայ, ու  որպէս նախագահ    մեր աչքերուն  կը պարզուի բոլորովին  այլ Ժըմայէլ մը:  Այս բոլորին հետ մէկտեղ ու բացի անկէ, որ Ժըմայէլի դէմ եղած արարքը  ահաբեկչական    մերժելի արարք էր, պէտք է նաեւ հասկնալ, որ անոր  սպաննութիւնը «իրականացնելու»   վերաբերեալ   կը գոյանար  շրջանային  համաձայնութիւն մը, որուն  դիմաց   այդ օրերուն ներ-լիբանանեան, որեւէ լծակ ազդու դեր չէր կրնար ունենալ:  Լիբանանահայութեան մօտ  եւս, Ժըմայէլի անուան շուրջ տարբեր մօտեցումներ   գոյութիւն ունին:  Ու գաղտնիք ալ չէ, որ այդ օրերուն եւս, մասնաւորապէս  Լիբանան հաստատուած  սուրիահայերու մեծ տոկոսին համար ու նաեւ լիբանանահայութեան մեծագոյն  հատուածին համար  Ժըմայէլ    ընդունուած էր, որպէս «անբաղձալի» գործիչ մը,որուն  շուրջ  եղող ու անոր  հովանիով գործող  միլիցներու անդամ  զինեալ ուժեր  տարբեր առիթներով  դաւադիր   արարքներ կը կատարէին հայահոծ շրջաններու անզէն բնակչութեան դէմ  ստեղծելով բաւական լարուած եւ   անհաճոյ   իրադրութիւն մը:  Այս բոլորը կը կատարուէին հակառակ անոր, որ հայութիւնը  որդեգրած էր «դրական չէզոքութիւն» մօտեցումը ու երկրի   տարբեր   խաւերուն մօտ  այդ մօտեցումին համար   տիրացած  յարգանքի ու պատկառանքի:  Լիբանանի արդի պատմութեան  ամէնէն     արիւնալի «քաղաքական սպաննութեան» մէկ  արարին  զոհը դարձաւ Ժըմայէլ ու  ողբերգական  է այն, որ ցայսօր ալ  անոր  իրական  կերպարը, անոր մօտեցումները, անոր    նուիրեալ նախագահ մը   ըլլալու  մէկնակէտները եւ փորձերը     կը շարունակեն  մեծ հարցադրումներ ստեղծել  եւ  պառակտումի  ալիքներ ստեղծել երկրի մը մէջ, որուն  «համայնքային դրութեամբ»     ապրելու  ընտրանքը կը շարունակէ        հանդիսանալ   «լարուած  ուժանակ»ի  բոլոր  տուեալները  լրացնող  եւ բաւական վտանգաւոր իշխելաձեւ մը :   Ու  հակառակ, իր ողբերագական  աւարտին մինչեւ այս պահը Լիբանանի  հանրութեան համար  յստակ  «Պէշիր Ժըմայէլ դաւաճա՞ն, թէ հերոս» հարցադրումին  պատասխանը:

 

 

 

 

 

Կը փնտռուի   Երեւանի  բանկիչ    23-ամեայ հայուհին

 

 ՀՀ Ոստիկանութեան Էրեբունիի  բաժնի կողմէ որպէս անհետ կորած  կը փնտռուի Երեւան քաղաքի Տիգրան Մեղ  պողոտայի 36 շէնքի 70 բնակարանի բնակչուհի, 1993 թ. ծնած Ինեսա Սրապիոնեանը: Կը հաղորդուի նաեւ, որ ան  13 սեպտեմբերին  ժամը 15:30-ին, դուրս  եկած  է  տունէն   եւ  չէ  վերադարձած   Ինեսա Սրապիոնեանի գտնուելու վայրին  վերաբերեալ տեղեկութիւն ունեցողներուն  կը  խնդրուի  դիմել  ՀՀ ոստիկանութեան Էրեբունիի  կամ մոտակայ  բաժին կամ զանգել ՝  095-90-90-77, 010-45-02-02, 1-02 հեռախօսահամարներով։