«Մուսթաքպալ» հեռուստակայանի հաղորդավար Փօլա Եագուպեան իր հրաժարականը ներկայացնելէ եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնն առաջադրելու որոշման մասին բարձրաձայնելէն ետք, լիբանանեան «Եօթի կուսակցութիւն»ն իր ֆէյսպութեան էջին վերջինիս վերաբերեալ տեսագրութիւն մը հրապարակած է:
Տեսագրութեան մէջ Եագուպեան նշած է, որ առաջին անգամ ըլլալով որոշած է քաղաքական կուսակցութեան մը անդամակցիլ, եւ ընտրած է «Եօթի կուսակցութիւն»ը, որ քաղաքացիական հասարակութենէն է, եւ ազգային դաշինքին մաս կը կազմէ:
«Ես այն մարդոց ամպիոնին մաս կը կազմեմ, որոնք ձախողութիւններէն յոգնած են»,- նշած է Եագուպեան, շեշտելով, որ միեւնոյն ճամբան շարունակելն ու փոփոխութիւն չկատարելը նոյն արդիւնքին կը յանգեցնէ:
«Յառաջիկային կարեւոր ընտրութիւններ են, միացէ'ք յոյսի աշխատանոցին»,- կոչ ուղղած է հայազգի հաղորդավարը: