«Արեւելք»ի թղթակիցը կը փոխանցէ, որ Հայաստանի ազգային ակադեմիայի կազմակերպութեամբ այսօր ակադեմիային գլխաւոր դահլիճին մէջ բացումը կատարուեցաւ «հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակ Ճանաչումէն- հատուցում» միջազգային գիտաժողովի մը: Նշենք, որ բացման հանդիսութեան գլխաւոր նիստին կարդացուած է ՀՀ նախագահին Էծմիածնի եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսներուն այս առթիւ յղուած ուղերձները: