Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խստօրէն դատապարտած է Ֆրանսայի Թրապի եւ Լա Վերիերի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքը՝ իր ցաւակցութիւնները յայտնելով զոհի ընտանիքին եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն։
«Հայաստանն իր համերաշխութիւնն է յայտնում Ֆրանսիային՝ ռասիզմի եւ ատելութեան բոլոր ձեւերի դէմ պայքարում»»,– գրած է Փաշինեան X-ի իր էջին մէջ՝ անդրադառնալով Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած ողբերգական դէպքին։
Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ Հոկտեմբեր 23-ի առաւօտեան, Ֆրանսայի Իւվելին (Yvelines) վարչական շրջանի Թրապ (Trappes) եւ Լա Վերիեր (La Verrière) արուարձաններուն մէջ տեղի ունեցած էր ահաբեկչական բնոյթի զանգուածային հրաձգութիւն մը, որուն հետեւանքով մէկ անձ զոհուած էր, իսկ առնուազն չորս ուրիշներ վիրաւորուած էին։