Եւրոպական Միութիւնը կը ձգտի մասնակցիլ Ուքրանիոյ շուրջ խաղաղ բանակցութիւններուն՝ ազդելու համար Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշման վրայ, որ վերջին շրջանին փոխուած է ի նպաստ Ռուսիոյ։
Այս մասին կը հաղորդէ «Euronews»ը։
Այնուամենայնիւ, լրատուամիջոցը կը նշէ, որ յաջողութեան երաշխիք չկայ, քանի որ ամերիկացիները բազմիցս անտեսած են եւրոպացիները։