Յունաստանի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ), իր հիմնադրութեան 120-ամեայ յոբելեանին առիթով, Սելանիկի մէջ կազմակերպեց հանդիսաւոր ձեռնարկ մը՝ արժեւորելով հայապահպանութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ մարդասիրական ծառայութեան ուղղութեամբ իր երկարամեայ առաքելութիւնը։
ՀԲԸՄ-ը տասնամեակներէ ի վեր կարեւոր ու կենսական գործունէութիւն կը ծաւալէ Յունաստանի հայ համայնքին մէջ՝ իր նպաստը բերելով հայ ինքնութեան պահպանման, նոր սերունդներու դաստիարակութեան եւ ազգային կեանքի աշխուժացման։ Յոբելենական հանդիսութիւնը նաեւ առիթ մը եղաւ վերարժեւորելու Միութեան հարուստ ժառանգութիւնը եւ վերահաստատելու անոր շարունակական առաքելութիւնը՝ ի սպաս հայ ժողովուրդին եւ գալիք սերունդներուն։
ՀԲԸՄ-ի Յունաստանի մարմնի հաղորդագրութիւնը
Յունաստանի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, մեծ շուքով տօնեց մեր Միութեան 120-ամեայ յոբելեանը, փառաւոր հանդիսութեամբ մը որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10-ին, Սելանիկի Յովակիմեան Կեդրոնին մէջ:
Յոբելեանական այս երեկոն իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Յունահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Խորէն Եպս. Առաքելեանը, Հոգեշնորհ Տէր Եղիա Վրդ. Մալխասեանը, Սելանիկի Ազգային Վարչութեան անդամ՝ Պրն Կարօ Նանտեանը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ատենապետուհի՝ Տկն Փէփի Անսուրեանը, ինչպէս նաեւ Հ.Բ.Ը.Միութեան եւ Սելանիկահայ գաղութի անդամներ, որոնք հանդիսութեան ընծայեցին անհրաժեշտ ջերմեռանդ մթնոլորտը:
Ներկաներուն հայերէնով ու յունարէնով դիմաւորեց Յունաստանի Հ.Բ.Ը.Միութեան Կեդրոնական Յանձնաժողովի Ատենադպրուհի՝ Տկն Լօրանս Մէնէնտեանը, որ իր խօսքի սկիզբը յիշատակեց քանի մը օր առաջ կեանքէն հեռացած Սելանիկահայ գաղութի վաստակաշատ անդամուհի եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Սելանիկի մասնաճիւղի նախորդ Ատենապետուհի՝ Տկն Հայկուհի Փորթուքալեանին: Ապա՝ բոլոր ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ, յոտնկայս պատուեցին Տկն Փորթուքալեանի յիշատակը որպէս յարգանքի նուազագոյն տուրք:
Տկն Մէնէնտեան, դարէ մը աւելի իրենց ներդրումը բերած Հ.Բ.Ը.Մ.-ի աշխարհասփիւռ անդամներուն եւս յարգանքի տուրք մատուցեց, իր խօսքին մէջ նշելով թէ Բարեգործականի պատմութիւնը այն բոլոր մարդոց պատմութիւնն է որոնք անձնուիրաբար մատուցեցին Միութեան ու ազգին:
Յաջորդեցին Յունաստանի, Հայաստանի եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի քայլերգները որոնցմէ ետք ամբիոն բարձրացաւ Յունաստանի Հ.Բ.Ը.Միութեան Կեդրոնական Յանձնաժողովի Ատենապետ՝ Դոկտոր Գրիգոր Մարուքեան, երկրորդելով այս նոյն համոզումը, թէ Բարեգործականը իր վսեմ գործունէութիւնը ու հասած բարձունքները կը պարտի այն բոլոր անհատներուն որոնց տքնաջան աշխատանքով, քար առ քար կերտեցին այս մեծ մարդասիրական ու հայապահպան Միութիւնը: Դոկտոր Մարուքեան անդրադարձաւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի երկարամեայ պատմութեան, յատուկ ակնարկ կատարելով Սելանիկի մասնաճիւղին որ ի դէպ, 1910 թուականին հանդիսացաւ Յունաստանի Հ.Բ.Ը.Միութեան օրրան ու կորիզը: Այս պատմական ակնարկի աւարտին, ուր հակիրճօրէն ցոյց տրուեցան Բարեգործականի եւ յատկապէս Յունաստանի մասնաճիւղի ձեռքեբերումները, Դոկտոր Մարուքեան վերահաստատեց Հ.Բ.Ը.Միութեան ապագայի տեսլականը. Միութիւնը նոր բարձունքներու հասնցել, կրթութեան, մշակոյթի, մարդասիրական գործունէութեան ու մարդուժի զարգացման միջոցաւ եւ այս հսկայ ժառանգութիւնը փոխանցել յաջորդ սերունդներուն:
Այս եռանդուն խօսքէն ետք, ամբիոն բարձրացաւ Յունահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Խորէն Եպս. Առաքելեանը որ իր կարգին ընդգծեց Բարեգործականի բերած մեծագոյն օգուտը հայ ինքնութեան, մշակոյթի, լեզուի ու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նկատմամբ: Սրբազան հայրը, յատկապէս յիշատակեց այն բոլոր հայրենասէր անհատներուն, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի գաղափարին հաւատացող բոլոր հայորդիներուն, որոնք տասնամեակներ շարունակ իրենց գործունէութեամբ ու նուիրատուութիւններով, ամէն հնարաւոր ձեւով էապէս նպաստեցին Բարեգործականի սուրբ նպատակին ու այսօր եւս կը շարունակեն իրենց թանկարժէք ներդրումը ունենալ:
Խօսքերու աւարտէն ետք ներկաները առիթը ունեցան վայելելու գեղարուեստական ճոխ յայտագիրը:
Բեմ բարձրացաւ Սելանիկի Հ.Բ.Ը.Միութեան «Արարատ» պարախումբը, պարուսոյց Պրն Յովիկ Թովմասեանի ղեկավարութեամբ: Հայ պատանի պարողներ ու պարուհիները, ներկաներուն խանդավառութեամբ համակեցին, աշխուժօրէն պարելով բազմաթիւ հայկական ժողովրդական պարեր, հայկական երգերու երաժշտութեան ներքոյ ինչպէս «Հոյ Նազան իմ եարը»ն եւ «Ամպի Տակից»ը:
Պարուսոյց Պրն Յովիկ Թովմասեանը, «Արարատ» Պարախումբը կատարելապէս պատրաստած ըլլալէ բացի, բեմ բարձրացաւ երկու սիրուած երգերով- «Բինկէօլ» եւ «Երգիր ինձ համար», որոնք ինք անձնապէս երգեց, հանդիսատեսներուն կարօտալից ու յուզիչ զգացումներ պատճառելով:
Երեկոն ունէր գեղեցիկ անակնկալ մը եւս: Երաժիշտ Պրն Յակոբ Ղազարեան, քամանչայի անուշ լարերով ու Սայաթ Նովայի գողտրիկ երաժշտութեամբ, հմայեց ներկաներուն եւ սրահը ողողեց ջերմ ու մտերմիկ եղանակներով:
Յայտագրի աւարտին, յաջորդեց հիւրասիրութիւն եւ ինչպէս հարկ է որեւէ տարեդարձի՝ այնպէս նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի պարագային կարկանդակ կտրուեցաւ, լաւագոյն կերպով փակելով այս հիանալի ու անմոռաց երեկոն:
Սրտանց շնորհակալ ենք բոլոր անոնց որոնք մեզ պատուեցին իրենց ներկայութեամբ եւ բոլոր անոնց որոնց օժանդակութեամբ ու ջանքերով կրցաւ յաջողութեամբ պսակուիլ Հ.Բ.Ը.Միութեան 120-ամեայ յոբելեանի հանդիսութիւնը:


