Գերմանիոյ Պաւարիա երկրամասին մէջ, Հոկտեմբեր 24-ի գիշերը, շարունակուած են նացիստական ղեկավարութեան կողմէ օգտագործած «Արծիւի բոյն»՝ Քելշթայնհաուս շէնքին հրդեհաշիջման աշխատանքները։ Ոստիկանութիւնը ձերբակալած է հրդեհին առնչութիւն ունենալու կասկածանքով անձը։
BR24 հանրային լրատուամիջոցի հաշորդմամբ՝ Հոկտեմբեր 24-ի առաւօտեան շէնքին մէջ բաց բոց այլեւս չէր նկատուեր, սակայն հրդեհաշիջման աշխատանքներու աւարտին մասին պաշտօնական հաստատում տակաւին չկար։ Շէնքը լրջօրէն վնասուած է։
Հրդեհը բռնկած է Հոկտեմբեր 23-ի երեկոյեան։ Նախնական տեղեկութիւններուն համաձայն՝ այդ պահուն շէնքին մէջ մարդ չկար։ Աշխատանքներուն մասնակցած է շուրջ 200 ծառայող՝ հրշէջներ, փրկարարներ, լեռնային փրկարար ծառայութեան աշխատակիցներ եւ ոստիկաններ։
Հրդեհաշիջման աշխատանքները դժուարացած են շէնքի դիրքին պատճառով։ Այն կը գտնուի Պերխթեսկատէնի մերձակայքը՝ ծովու մակարդակէն 1,834 մեթր բարձրութեան վրայ։ Դէպի շէնք տանող ճանապարհը դժուարանցանելի եղած է մեծ հրշէջ ինքնաշարժներուն համար։
Քելշթայնհաուսը կառուցուած է 1938-ին՝ նացիստական ղեկավարութեան ընդունելութիւններուն համար։ Ատոլֆ Հիթլեր հոն ընդունած է դիւանագէտներ եւ օտարերկրեայ հիւրեր։ 1952-էն ի վեր շէնքը կը գործէ իբրեւ լեռնային ճաշարան։