image

«Մշոյ գիրքը»՝ հայոց ձեռագրական գանձի փրկութեան պատմութիւնը՝ արեւմտահայերէնով

«Մշոյ գիրքը»՝ հայոց ձեռագրական գանձի փրկութեան պատմութիւնը՝ արեւմտահայերէնով

Հայոց պատմութեան ողբերգական էջերուն մէջ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն հայ մշակութային ժառանգութեան փրկութեան պատմութիւնները կը շարունակեն մնալ յիշողութեան եւ ինքնութեան պահպանման վկայութիւններ։ Իտալահայ անուանի գրող Անթոնիա Արսլանի «Մշոյ գիրքը» վիպակին արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը, որ լոյս տեսած է Ազգային Առաջնորդարանի «Սիս» հրատարակչատունէն, Երեւանի մէջ ներկայացուեցաւ՝ ընթերցողին վերարժեւորելու հայ ձեռագրական ժառանգութեան փրկութեան հերոսական դրուագներէն մէկը։

Երեքշաբթի, 13 Հոկտեմբերին, իտալահայ անուանի գրող Անթոնիա Արսլանի «Մշոյ գիրքը» վիպակի արեւտահայերէն թարգմանութիւնը ներկայացուած Է Երեւանի «Զանգակ» գրատան մէջ։ Թարգմանութիւնը լոյս տեսած էր 2025-ին Ազգային Առաջնորդարանի «Սիս» հրատարակչատունէն՝ դիւանապետ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի թարգմանութեամբ։ 

Ձեռնարկը տեղի ունեցած է «Թիւֆէնկեան» բարեգործական հիմնադրամի եւ «Save Armenia»-ի աջակցութեամբ։ Բացման խօսքը կատարած է հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Անդրանիկ Գասպարեան, որ շեշտած է Հայաատանի մէջ գիրքի ներկայացումին կարեւորութիւնը,։ 

Անթոնիա Արսլան խօսք առաւ, անդրադառնալով գիրքի պատմութեան։ Գրող Վահան Զանոյեան եւ լրագրող Ռուբէն Ճանպազեան գիրքէն ընթերցումներ կատարեցին։ 

Ինչպէս յայտնի է, գիրքը վիպականացած պատմութիւնն է «Մշոյ ճառընտիր»ի՝ հայկական ամենամեծ ձեռագրի փրկութեան 1915-ի օրերուն։ 

Անուշ Թրվանց

Անուշ Թրվանց

Սովորել է ԵՊՀ-ում, իբրեւ լրագրող աշխատել է Հա...