image
Հրատապ լուրեր:

Իրան չի թոյլատրեր ամերիկեան ռազմանաւերու մուտքը Պարսից ծոց․ Իրանի ԶՈՒ Ընդհանուր սպայակոյտի պետ

Իրան չի թոյլատրեր ամերիկեան ռազմանաւերու մուտքը Պարսից ծոց․ Իրանի ԶՈՒ Ընդհանուր սպայակոյտի պետ

Իրանի զինուած ուժերու Ընդհանուր սպայակոյտի պետ, զօրավար-մայոր Ալի Ապտոլլահի յայտարարած է, որ Թեհրան որեւէ պարագայի պիտի չարտօնէ ամերիկեան ռազմական նաւերու մուտքը Պարսից ծոց։

Ինչպէս կը հաղորդէ «Թասնիմ» գործակալութիւնը՝ Ապտոլլահի պնդած է, որ ԱՄՆ-ի ռազմածովային ուժերն այլեւս չեն կրնար մօտենալ Պարսից ծոցին եւ Իրանի տարածքային ջուրերուն։

«ԱՄՆ-ի նախագահը կրնայ միայն երազել, որ իր զինուորներն ու զինուած ուժերը դարձեալ մուտք գործեն Պարսից ծոց»,– ըսած է ան։

Ապտոլլահի նաեւ կասկածի տակ դրած է Իրանի ռազմական կարողութիւններուն ոչնչացման մասին Ուաշինկթընի յայտարարութիւնները։ Անոր համաձայն՝ եթէ ամերիկեան կողմը վստահ է իր պնդումներուն, ապա հարց կը ծագի, թէ ինչո՛ւ ամերիկեան ուժերն ու նաւերը չեն մօտենար Հորմուզի նեղուցին եւ Իրանի սահմաններուն։