image
Հրատապ լուրեր:

Մոսկուայի օդակայաններուն մէջ չուերթներ յետաձգուած եւ չեղարկուած են

Մոսկուայի օդակայաններուն մէջ չուերթներ յետաձգուած եւ չեղարկուած են

Մոսկուայի օդակայաններուն մէջ Հոկտեմբեր 24-ի առաւօտեան շարունակուած են թռիչքներու յետաձգումներն ու չեղարկումները։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ վկայակոչելով «URA.RU»ի՝ Մոսկուայի ժամանակով ժամը 07։40-ին հրապարակուած ամփոփագիրը, «Շերեմեթեւօ» օդակայանին մէջ հետաձգուած է ժամանող աւելի քան 130 թռիչք, իսկ 49-ը՝ չեղարկուած։ «Վնուքովօ» օդակայանին մէջ չեղարկուած է 20 թռիչք։

Փոփոխութիւնները վերաբերած են թէ՛ ներքին, թէ՛ միջազգային ուղղութիւններուն։ Յետաձգուած թռիչքներուն շարքին է նաեւ Երեւան մեկնող թռիչք մը։