Արցախեան բանակի գնդապետ Արմենակ Մերսի Ուրֆանեան մարտի բռնուած է հակառակորդին հետ եւ մէկ թանկ խոցելէ եւ տասնեակ զինուորներ սպաննելէ ետք նռնակներ բանալով նահատակուած է չթողնելով, թշնամին իրեն մօտենայ: Այս մասին գրառում ըրած է ՀՀ ՊՆ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան: Յովհաննիսեան նաեւ գրած է, թէ հայոց բանակի հերոս սպան նկատելէ ետք, որ իրավիճակը կը վատթարանայ իր զինուորներէն պահանջած է հեռանալ դէպքի վայրէն ու առանձինն շարունակած է է կռիւը մինչեւ նահատակութիւն: Փա՜ռք հայոց զինուորին: