Վերջին տարիներուն Երեւանի եւ Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ իր գործունէութիւնը ծաւալող «ՇՈՂ» կեդրոնը կարեւորագոյն աշխատանք կը տանի։
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) ամբողջական նեցուկն ու նիւթական աջակցութիւնը վայելող այս նախաձեռնութեան հիմնական նպատակն է դասապատրաստման առիթ ստեղծել բոլոր այն աշակերտներուն, որոնք ինչ-ինչ պայմաններու բերումով զրկուած են տան մէջ իրենց դասերը պատրաստելու հնարաւորութենէն։
Տուեալ պարագային կամ անոնց ծնողները աշխատանքի են, կամ ալ բաւարար պայմաններ չունին, որ երեխաները կարողանան հանգիստ ձեւով իրենց դասապատրաստման աշխատանքներն իրականացնել։
Ի դէպ «ՇՈՂ»ի մէջ կը գործեն տարբեր խումբեր սկսած սովորական դասանիւթերէն (թուաբանութիւն, անգլերէ լեզու, հայերէն լեզու) մինչեւ մշակոյթի ոլորտի մէջ ընդգրկուած դասամիջոցներ ՝ երգ, պար, ձեռային աշխատանքներ եւն. եւն.։
Ուշագրաւ է նաեւ, որ «ՇՈՂ» կեդրոնը յատուկ ուշադրութիւն կը ցուցաբերէ այն երեխաներուն, որոնք ունին ընտանեկան խնդիրներ, տարբեր տեսակի հոգեբանական հարցեր եւ այդ առումով ալ կեդրոնը այդ սաներուն համար տրամադրած է յատուկ հոգեբան մը, որ արդի մանկավարժութեան դպրոցին հետեւելով կը փորձէ լաւագոյն լուծումները ապահովել հասարակութեան մէջ խոցելի դառնալու միտում ունեցող երեխաներուն։ Հետաքրքրական ու գովելի է նաեւ, որ «ՇՈՂ» կեդրոնի հովանաւորները, ոչ մէկ կերպ կը փորձեն կրօնական ուղղուածութիւն տալ այդ կեդրոնի աշխատանքներուն։
Մեր երկրի անապահով խաւերու զաւակներուն համար ապահովութիւն, բարի կամեցողութիւն եւ քրիստոնէական յոյս ներշնչող ջերմ օճախի դեր վերցուցած «ՇՈՂ» կեդրոնի ետին կը կանգնին սպիտակ ձեռքեր։
Անոնք, որ կը հաւատան Հայաստանը արդիական երկիր դարձնելու ընկալումին, անոնք որ կը սիրեն մեր երկիրը ու անոնք յատկապէս, որոնց համար նուիրումը եւ տալը դարձած են կեանքի իմաստ եւ առաքելութիւն։
Նշենք, որ այս նիւթի հետ կցուած տեսանիւթը հանրութեան կը ներկայացնէ «ՇՈՂ»ի գործունէութիւնը։