ՀՀ արդարադատութեան նախարարութեան քրէակատարողական բոլոր հիմնարկներէն ներս 2015 -2016 թուականներուն իրականացուած են բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ շինարարական աշխատանքներ: Այս մասին խօսելով «Արմէնբրէս»ին տեղեկացուցած է ՀՀ արդարադատութեան նախարարի առաջին տեղակալ Սուրէն Քրմոյեան:
«Կատարուել են շինարարական աշխատանքներ կարճատեւ եւ երկարատեւ տեսակցութիւնների համար նախատեսուած սենեակներում, բժշկական մասերում, ճաշարաններում, սանհանգոյցներում, ինչպէս նաեւ արտաքին արգելագօտու պարագծում»,- նշած է Քրմոյեան: