Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ժամանակ» օրաթերթի խմբագիր Արա Գոչունեանի խօսքով՝ Հայաստանի ներքաղաքական իրադարձութիւնները միշտ ալ Սփիւռքի մէջ անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնան, սփիւռքեան լրատուամիջոցները, որոնք դուրսէն բացուած պատուհան մըն են եւ ունին իրենց ուրոյն մօտեցումները, այդ լուրերը կը լուսաբանեն մանրամասնօրէն:
Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ան նման դիտարկում ըրաւ՝ անդրադառնալով հայաստանեան ներքաղաքական կեանքին մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններուն՝ Սահմանադրական դատարանի շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներուն:
«Սփիւռքը սկզբունքօրէն Հայաստանի ներքաղաքական իրադարձութիւններու կողմը չէ: Սփիւռքը Հայաստանի ներքին կեանքի պարագային մէկ բանին կողմ է՝ պետականութեան հզօրացման»,- ըսած է ան:
Արա Գոչունեանը նկատած է, որ Հայաստանը 30 տարիէ ի վեր ժողովրդավարական կարգերով կը կառավարուի եւ իր ժողովրդավարութիւնը կառուցած է բաւականին բարդ պայմաններու մէջ:
«Մենք, երբ կը յիշենք Հայաստանի անկախութեան ժամանակաշրջանի մարտահրաւէրները, կը տեսնենք, թէ այդ ընթացքին հայ ժողովուրդը, հայոց պետականութիւնը որքան հետեւողական եղած են ժողովրդավարութեան ամրապնդման ուղղութեամբ. իսկ ժողովրդավարութիւնը իր բնոյթով կը պարտադրէ հակադիր ուժերու պայքար. իշխանափոխութիւններ կ'ըլլան, եւ այդ իշխանափոխութեան հետեւանքները կ'ըլլան․ կառոյցները նոր իրավիճակներուն համապատասխանեցնելու անհրաժեշտութիւն կը զգացուի»,- ըսած է ան:
Արա Գոչունեանը միաժամանակ նշած է, որ վերջին շրջանին ժողովրդավարական վերիվայրումներէն զատ, իրենք Սփիւռքի մէջ կը նկատեն, որ Հայաստանի մէջ կայ լուրջ ներքաղաքական բեւեռացում:
«Այսօր աշխարհի մէջ ժողովրդավարութիւնը լուրջ մարտահրաւէրներու առաջ կը գտնուի, որովհետեւ ասկէ առաջ աշխարհի մէջ հիմնական գերտէրութիւնը ԱՄՆ-ը էր, եւ այն երկրագունդի վրայ ժողովրդավարութեան առաքեալի դերակատարմամբ հանդէս կու գար: Այսօր աշխարհը վերածուած է բազմաբեւեռի, եւ այդ պայմաններուն մէջ առաջատար դերակատարները միջազգային հարթակի վրայ ժողովրդավարութեան ուղղութեամբ տարուող որեւէ քայլերով հանդէս չեն գար»,- ըսած է ան:
Անոր խօսքով՝ այս իրավիճակին մէջ Հայաստանը կարիք ունի ժողովրդավարութեան, որովհետեւ իր հնարաւորութիւններով այն սահմանափակ է, եւ պատերազմի վտանգ ունի. «Եւ երբ պատերազմ կը բռնկի, արդէն հայ ժողովուրդը միասնական ըլլալու անհրաժեշտութիւն ունի»,- նկատած է ան:
Արա Գոչունեանը նշած է նաեւ, որ ինքը նպատակ չունի Հայաստանեան քաղաքական ուժերէն մէկուն համակրելու, միւսին՝ հակակրելու, ցանկութիւնն է, որ բեւեռացուած պայմաններուն մէջ մարդոց համար գերնպատակը ըլլայ ժողովրդավարութեան, հայկական պետականութեան հզօրացումը:
«Պէտք է հասկնալ, որ աշխարհի տասը միլիոն հայու համազգային ժառանգութեան պահպանման միակ ապաւէնը այսօրուայ Հայաստանի Հանրապետութիւնն է: Սփիւռքը կը յարգէ Հայաստանի քաղաքացիի ընտրութիւնը, Սփիւռքը միշտ կը ձգտի, որ Հայաստանն ունենայ կենսունակ տնտեսութիւն, որպէսզի իր քաղաքացիներու կենսամակարդակի բարձրացումով այն ձգողական ըլլայ նաեւ իր համար:
Եւ այս պայմաններուն մէջ հասարակական դաշտին մէջ եղած բեւեռացումները, քաղաքական դաշտին մէջ իրար հետ անհաղորդ ըլլալը Սփիւռքի մէջ հարցականներ կ'առաջացնեն»,- ըսած է ան՝ նշելով, որ ինքը այնուամենայնիւ հակուած է վստահելու Հայաստանի քաղաքացիին, որ եղած վերիվայրումներուն մէջ առողջ կը կողմնորոշուի:
Անոր խօսքով՝ բոլոր ժամանակներուն ալ իշխանութիւններն են, որ աւելի պատասխանատու են երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին համար, բայց ժողովրդավարութիւնը այն է, որ իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը, իրար հակադրուելով, կարողանան ժողովուրդին ցոյց տալ, թէ որն է մնայունը, որը՝ անցողիկ:
Այս պարունկաին մէջ Արա Գոչունեանը նկատած է, որ Հայաստանն ունի առաւելութիւն. ներկայիս իշխանութիւնները եկած են առանց աղմուկի․
«Եւ իշխանութեան բախտը բերաւ այն հարցով, որ ընդդիմութեան մէջ կը գտնուին այնպիսի մարդիկ, որոնք հայոց պետականութեան ակունքներուն իրենց դերակատարութիւնը ունեցած են: Ընդդիմութեան եւ իշխանութեան նպատակներու կիզակէտը պէտք է ըլլայ պետութեան հզօրացումը: Իւրաքանչիւր շրջան ունեցած է իր թէ՛ առաւելութիւնները, թէ՛ թերութիւնները, եւ հայոց պետականութեան երթն այդ օրերու հանրագումարն է: Յետադարձ հայեացք կատարելն ու արժեւորումներ կատարելը լաւ է, լաւ է նաեւ անցեալի բացթողումները, սխալները ի յայտ բերելը, որ անոնք ապագային այլեւս չկրկնուին»,- ըսած է ան: