image

Human Rights Watch. Հայ ռազմագերիներու նկատմամբ դաժան վերաբերմունքը նողկալի յանցանք է

Human Rights Watch. Հայ ռազմագերիներու նկատմամբ դաժան վերաբերմունքը նողկալի յանցանք է

Ատրպէյճանական ուժերը հայ ռազմագերիներու նկատմամբ դրսեւորած են դաժան ու արժանապատուութիւնը նուաստացնող վերաբերմունք եւ խոշտանգած են՝ գերեվարելու, փոխանցելու կամ կալանքի տակ պահելու ժամանակ: Այս մասին նշուած է Human Rights Watch-ի յայտարարութեան մէջ:

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է հետաքննեն դաժան վերաբերմունքի մասին բոլոր պնդումները եւ մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկեն: Ատրպէյճանը նաեւ պէտք է անյապաղ ազատէ մնացած բոլոր ռազմագերիները եւ քաղաքացիական անձերը, որոնք կալանաւորուած են, եւ տեղեկութիւններ տայ զինծառայողներու ու քաղաքացիական անձանց գտնուելու վայրի մասին, որոնց վիճակն անյայտ է, բայց վերջին անգամ անոնց տեսած են Ատրպէյճանի մէջ կալանաւորուած:

«Ձերբակալուած հայ զինուորներու նկատմամբ դաժան վերաբերմունքը, ներառեալ խոշտանգումները, նողկալի ռազմական յանցագործութիւն է,- ըսած է Human Rights Watch-ի Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերով տնօրէն Հիւ Ուիլիամսընը: - Խոր տագնապ կը յարուցէ նաեւ այն, որ մի քանի անյայտ կորած հայ զինուորներ չեն կրնար գտնել, որոնց վերջին անգամ տեսած են Ատրպէյճանի մէջ բանտարկուած»:

Human Rights Watch-ը զրուցած է 4 նախկին ռազմագերիներու հետ, որոնք մանրամասն պատմած են բանտարկութեան ժամանակ իրենց հանդէպ, ինչպէս նաեւ միւս ռազմագերիներու հանդէպ դաժան վերաբերմունքի մասին, որոնց հետ անոնք գերեվարուած են կամ նոյն խցին մէջ եղած են: Անոնք նկարագրած են երկարատեւ եւ բազմաթիւ ծեծը: Անոնցմէ մէկուն խօսքով՝ իրեն ծակած են սուր մետաղեայ ձողով, միւսն ըսած է, որ իրեն խոշտանգած են ելեկտրական հոսանքով, իսկ մէկուն բազմիցս այրուածքներ պատճառած են կրակայրիչով: Տղամարդիկ պահուած են արժանապատուութիւնը նուաստացնող պայմաններու մէջ, անոնց շատ քիչ ջուր տուած են եւ ձերբակալման առաջին օրերուն գրեթէ չեն կերակրած:

Համացանցի մէջ տասնեակ տեսանիւթեր տեղադրուած են, որոնց մէջ ատրպէյճանցի սպաները դաժանօրէն կը վարուին հայ ռազմագերիներու հետ: Human Rights Watch-ը մանրակրկիտ ուսումնասիրած եւ ստուգած է աւելի քան 20 այդպիսի տեսանիւթ, այդ շարքին՝ վերջերս հայրենադարձած ռազմագերիներու եւ այն զինուորականներու ընտանիքի անդամներու հետ հարցազրոյցներու միջոցով, որոնք յայտնուած են տեսանիւթերու մէջ, բայց դեռ չեն վերադարձած:

Հաղորդումները Խոշտանգումներու եւ դաժան վերաբերմունքի մասին մտավախութիւններ կ'առաջացնեն, որ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիները հետագայ բռնութիւններու վտանգի տակ են, յայտարարած է Human Rights Watch-ը:

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է ապահովեն, որ հայ ռազմագերիները եւ կալանքի տակ պահուող այլ անձինք օգտուին պաշտպանութեան բոլոր միջոցներէն, որոնց իրաւունքն ունին: