Անցնող երկու շաբթուան զարգացումները նոր իրավիճակ մը ստեղծեցին Հայաստանի մէջ:
Մինչեւ Սերժ Սարգսեանի վարչապետի պաշտօնէն հրաժարական տալը բոլորին համար «պարզ» էր, որ Հայաստանի քաղաքական դաշտը «վերահսկելի» է եւ վերջին տարիներուն իշխանութեան բոլոր լծակները իր ձեռքերուն պահած Սերժ Սարգսեանն ու իր խմբակիցները պիտի կարողանան «Հանրապետական» կուսակցութեան թիւ մէկ առաջնորդին վարչապետի պաշտօնին անցնիլը ապահովել «անցնցում» եւ ապահով կերպով:
Սակայն այդպէս չեղաւ:
Բաց աստի Նիկոլ Փաշինեանի «քայլ արա» շարժում, ոչ միայն յաջողեցաւ նոր իրավիճակ մը ստեղծել, այլ իշխող Հանրապետական կուսակցութեան դէմ առկայ մթնոլորտը «հաւաքագրել» եւ վերածել համաժողովրդային շարժումի:
Այս արագ կատարուած քայլերը եւ փողոցին մէջ տիրող մթնոլորտը աննախընաթց էին երկրի մը համար, որ կը կարծուէր, թէ անոր ժողովուրդը իր հաւատքը կորսնցուցած է գետնի վրայ «բան մը փոխել կարենալու» վերաբերեալ:
Սակայն այդպէս մտածողները մեծ հաշուով սխալեցան ու այս անգամ ալ Հայաստանի ժողովուրդը հակառակը փաստեց:
Այսօր նոր իրավիճակ կը տիրէ Հայաստանի մէջ ու եղած դէպքերը վերլուծելէ, այդ մասին հաւանական վերլուծումներ կամ վարկածներ մշակելէ անդին, կարեւորը ժողովրդային այս իրավիճակը դրական միաւորի վերածելն է:
Դրական վիճակ մը, որուն մէջ պիտի չըլլայ վրէժ լուծելու հարց: Դրական վիճակ մը, որուն գլխաւոր դերակատարները պիտի ըլլան այս շարժումին շուրջ հաւաքուած եւ «մաքուր ձեռքեր» ունեցող երիտասարդները: Դրական վիճակ մը, որուն գլխաւոր խորագիրը ամբողջական համագործակցութիւնն է երկրի բոլոր քաղաքական ուժերուն միջեւ:
Հայաստանի մէջ թշնամիներ չկան եւ յաճախ ժխտական շեշտերով լսելի դարձած բորբոքումները, «ջղայնութիւններ»ը, անուանարկումները եւ «թոյներ»ը պէտք է արագօրէն վերափոխուին ու վերածուին դրական միաւորի:
Հայաստանի մէջ թիրախներ չկան, ու առանց բացառութեան երկրի տարբեր ոլորտներուն մէջ իրենց ներդրումը ունեցած գործիչներ, անհատներ եւ ձեռներէց գործարարներ պէտք է ներգրաւուին մեր երկիրը ոտքի հանելու գործին:
Մեր թիրախները, մեր թշնամիները, մեր հակառակորդները Հայաստանի սահմաններէն դուրս են եւ վրէժի ցանկացած կոչ կամ գործողութիւն խոցելու կը դարձնէ սաղմային վիճակի մէջ եղող «համաժողովրդային իրավիճակ»ը:
Այլ ճանապարհ չունի Հայաստանը եւ այս մօտեցումներէն դուրս եղած ցանկացած մօտեցում եւ «սուղ» պիտի նստի այս շարժումին, անոր հաւատացողներուն ու մանաւանդ ոգիին վրայ: