image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցին այսօր կը նշէ բարեկենդանի տօնը

Հայաստանեայց  Առաքելական Սուրբ  եկեղեցին  այսօր կը նշէ բարեկենդանի տօնը

 Հայաստանեայց  Առաքելական  Սուրբ Եկեղեցին  հայրենիքի , թէ սփիւռքի  մէջ  այսօր կը տօնախմբէ Բարեկենդանի  տօնը:  Յիշեցնենք, որ  բարեկենդանը   կրօնական  տօն մ'ըլլալէ բացի  նաեւ  ժողովրդական տօն է: Հին ժամանակ հայկական տօներէն ամէնէն ուրախն ու ամենատարածուածն էր: Անիկա կը յաջորդէր Ս. Սարգիսի տօնին եւ կը տեւէր մինչեւ Մեծ պահքի նախօրեակը: Երկշաբաթեայ այս տօնախմբութիւնը կատակով յաճախ կ՛անուանէին «փորեկենդան», որովհետեւ տօնին գլխաւոր յատկանիշը կերուխումն էր: Բարեկենդանը բարեկեցութեան խորհուրդն է: Իսկ բարեկեցութիւնը մարդ տեսած է դրախտի մէջ: Բարեկենդանի տօնը դրախտի յիշողութեան, մեծարման տօնն է: Այսինքն՝ Բարեկենդանով մենք կը յիշենք դրախտը եւ կը տօնենք դրախտի այն պատկերները, զորս ունեցած ենք: Անիկա առաւելաբար ժողովրդական տօնախմբութեան, խրախճանքի, ազատութեան օր է, որ կարծես հաւատացեալ ժողովուրդին կը յիշեցնէ նախկին դրախտը, դրախտայի երջանկութիւնն ու զուարթութիւնը: Իսկ տօնը կը նշուի հիմնականին մէջ դիմակներով, որոնք կը խորհրդանշեն դրախտի բոլոր կենդանիները: Ադամը բոլոր կենդանիներուն անուններ տուաւ եւ միաժամանակ ապրեցաւ դրախտի մէջ, բարեկեցութեան մեջ՝ ղեկավարելով կենդանիները: Անոնց պատկերներով դիմակներն ալ Բարեկենդանի տօնը կը խորհրդանշեն: Այս ամէնը բարեկենդանութեան յիշողութիւնն է, մէկ խօսքով՝ ափսոսանքը, որ այլեւս չունին այդ դրախտը: Բարեկենդանի տօնին մարդիկ կը պարեն, կ'ուրախանան: Ասիկա մարդկային հոգիի ուրախութեան նշանն է: Դրախտի մէջ մարդը եղած է հոգեպէս ուրախ, գտնուած է Աստուծոյ ներկայութեան մէջ, Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ մտած է, տեսած է, որ Աստուած իրեն հետ է եւ հնարաւորութիւն կու տայ ապրելու երջանկութիւն եւ ուրախութիւն: Եւ քանի որ մեղքի պատճառով նախահայրն ու նախամայրը վտարուեցան դրախտէն, մարդիկ կը յիշեն դրախտի երանական կեանքը եւ կ'ափսոսան զայն կորսնցնելուն համար: Բարեկենդանի խորհուրդներէն մէկն ալ բարիի ու չարի պայքարը կը խորհրդանշէ: Խաղերու ընթացքին կը ծաղրուին համայնքի անարդար մեծաւորները, դատաստան կ՛ընեն եւ կը պատժեն: Իրական կեանքի մէջ չկրցածը կարելի է կատարել Բարեկենդանի օրերուն, խաղերու ընդմէջէն: Այդ օրը մէկը միւսէն նեղուելու իրաւունք չունէր, բոլորը կրնային կատակել, ծաղրել եւ քննադատել: