image

Հայամէտ լրագրող Ալի Պայրամօղլու Պոլսոյ մէջ յարձակման ենթարկուեցաւ

Հայամէտ  լրագրող   Ալի Պայրամօղլու  Պոլսոյ մէջ  յարձակման ենթարկուեցաւ

Իր հայամէտ  հայացքներով  յայտնի   հրապաարակախօս Ալի Պայրամօղլու այսօր յարձակման  ենթարկուած է: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ   «Հիւրրիյէթ» պարբերականը: Աղբիւրը կը նշէ, որ Պայրամօղլու,  ուղղուելով Պոլսոյ «Սայիր Նէտիմ»  վարժարանի   ընտրատեղամաս     եւ կատարելէ ետք  իր  քուէարկութիւնը յարձակման   ենթարկուած է: 30-է աւելի անձեր  լուտանքներ եւ հայհոյանքներ տեղացուցած են  անոր   դէմ յայտարարելով, որ ան   «դաւաճան» մըն է:

 

  Պայրամօղլու, որ   երկար տարիներ աշխատակցած է  «Եէնի Շաֆաք»  պարբերականին մօտիկ անցեալի   կարեւոր դիրք   կը գրաւէր     իշխող   AKP կուսակցութեան  «մտաւորական վերնախաւ»ին  մէջ  յայտնի է, նախկին վարչապետ        Ահմատ Տաւութօղլուին մօտիկ   անձնաւորութիւն մը ըլլալու հանգամանքով:  

 

   Յիշեցնենք, որ Պայրամօղլու  շուրջ ամիս մը առաջ    այցելած  էր Երեւան  եւ մասնակցութիւն բերած  Ֆրանսայի դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած եւ «Հայ- թրքական    յարաբերութիւններ» ընդհանուր խորագիրը կրող   սեմինարի մը:

 

 Ալի Պայրամօղլու կը համարուի  սահմանադրական բարեփոխումներուն  «Ո՛չ»  ըսող  գործիչ մը: