Իր հայամէտ հայացքներով յայտնի հրապաարակախօս Ալի Պայրամօղլու այսօր յարձակման ենթարկուած է: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Հիւրրիյէթ» պարբերականը: Աղբիւրը կը նշէ, որ Պայրամօղլու, ուղղուելով Պոլսոյ «Սայիր Նէտիմ» վարժարանի ընտրատեղամաս եւ կատարելէ ետք իր քուէարկութիւնը յարձակման ենթարկուած է: 30-է աւելի անձեր լուտանքներ եւ հայհոյանքներ տեղացուցած են անոր դէմ յայտարարելով, որ ան «դաւաճան» մըն է:
Պայրամօղլու, որ երկար տարիներ աշխատակցած է «Եէնի Շաֆաք» պարբերականին մօտիկ անցեալի կարեւոր դիրք կը գրաւէր իշխող AKP կուսակցութեան «մտաւորական վերնախաւ»ին մէջ յայտնի է, նախկին վարչապետ Ահմատ Տաւութօղլուին մօտիկ անձնաւորութիւն մը ըլլալու հանգամանքով:
Յիշեցնենք, որ Պայրամօղլու շուրջ ամիս մը առաջ այցելած էր Երեւան եւ մասնակցութիւն բերած Ֆրանսայի դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած եւ «Հայ- թրքական յարաբերութիւններ» ընդհանուր խորագիրը կրող սեմինարի մը:
Ալի Պայրամօղլու կը համարուի սահմանադրական բարեփոխումներուն «Ո՛չ» ըսող գործիչ մը: