image

Հայ բեմի թագուհին

Հայ բեմի թագուհին

27 Մարտը աշխարհի մէջ կը նշուի իբրեւ Թատրոնի միջազգային օր: Այս տարի կը լրանայ դերասանուհի Յասմիկին ծննդեան 140-ամեակը. այս երկու տարեթիւերը առիթ դարձան յիշելու հայ բեմին եւ շարժանկարային արուեստին մէջ բացառիկ ներդրում ունեցող այս դերասանուհին, որուն յիշատակը վառ պահելու համար ոչ միայն անոր անունով փողոց մը անուանակոչուած է Երեւանի մէջ եւ անոր յիշատակի յուշատախտակ մըն ալ Երեւանի կեդրոնին մէջ դրուած է, այլեւ Յասմիկի մասին նկարահանուած է երկու շարժանկար՝ 1935 թուականին եւ 1978 թուականին, որոնք կը պատմեն Արեւելեան Հայաստանի թատրոնին մէջ մեծ դեր ունեցած դերասանուհիին մասին: Դերասանուհիին անունը տեղ գտած է հայկական եւ ռուսական թատերական համայնագիտարաններուն, դասագիրքերուն մէջ, իբրեւ հայ շարժանկարային արուեստի հիմնադիրներէն մին: Անոր մասին բանաստեղծութիւն մը գրած է երախտաշատ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենց՝ «Ողջոյն քեզ, Յասմիկ» տողերով…

Դերասանուհիին իսկական անունը եղած է Թաթիանա Յակոբեան: Ան յետագային Թաթիանան փոխած է Թագուհի հայկական անունով, ապա որդեգրած է Յասմիկ բեմական անունը եւ ամբողջ կեանքին ընթացքին գործած եւ ճանչցուած է այդ անունով:

Ծնած է 21 Մարտ 1878 թուականին՝ Հին Նախիջեւան, մանր առեւտրական ընտանիքի մը մէջ: Կաւաշէն տուներով այդ գիւղաքաղաքին մէջ ոչինչ կար ոգեշնչող, որ աղջիկը մղէր դէպի արուեստն ու թատրոնը, բայց օր մը Նախիջեւան հիւրախաղերու կը ժամանեն այդ տարիներուն թատերական կեանքի յայտնի Սաֆրազեան ամուսինները, որոնք քաղաքէ քաղաք կը շրջէին եւ ելոյթներ կ՚ունենային: Փոքրիկ աղջնակը՝ ապագայ Յասմիկ դերասանուհին, որ նաեւ դպրոցական թատրոնին մէջ կը խաղար, անոնց հետ բեմ կը բարձրանայ եւ դրուագի մը մէջ կը խաղայ փոքրիկ տղու դերը:

Ամուսնութենէն ետք Յասմիկ կը տեղափոխուի Թիֆլիզ: Աւանդապահ ամուսինը դէմ էր, որ կինը բեմ բարձրանայ, սակայն դէմ չէր, որ ան յաճախէ թատրոն իբրեւ հանդիսատես: Միասին թատրոն կ՚երթային եւ Յասմիկ այդ յաճախումներուն ընթացքին վերջնականապէս կը սիրահարուի թատրոնին: Յասմիկ կը յաջողի համոզել ամուսինը, բայց ամուսինը պայման կը դնէ, որ ան միայն ծեր կիներու դերեր պիտի խաղայ: 1904 թուականին Թիֆլիզի Ժողովարանի թատերախումբին մէջ կը խաղայ քանի մը դեր: 1906 թուականին Յասմիկ կը ծանօթանայ ժողովրդական դերասան Յովհաննէս Աբէլեանին, եւ երբ կը մահանայ ամուսինը, կը խնդրէ Աբէլեանէն՝ որպէսզի զինք ընդգրկէ Թիֆլիզի հայ տրամաթիք ընկերութեան խումբի կազմին մէջ, եւ նոյն թուին կը հրաւիրուի խումբ: Յասմիկ անունով ալ զայն կը կնքէ Աբէլեան, դերի մը անունով, որ խաղացած էր դերասանուհին: Դերասանուհին թատրոնի մէջ իր վաստակով կը պահէր իր չորս որբ երախաները:

Խաղացած է ոչ միայն հայ, այլեւ՝ օտար հեղինակներու թատրերգութիւններուն մէջ՝ առաջին անգամ թիֆլիզահայ թատրոնին մէջ կերտելով կերպարներ, որոնց հանդիսատեսը անծանօթ էր:

1920 թուականին Յասմիկ կապեր կը հաստատէ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ եւ ներկայացումներ կը կազմակերպէ Դիլիջանի եւ յարակից գիւղերուն մէջ՝ հողի մշակներուն ու զօրամասերուն համար։ Այս կերպով դերասանուհին կը մեղմէ նաեւ իր վիշտը՝ հիւանդութենէն մահացած էին կրտսեր որդին եւ դուստրը:

Նոր կարգեր հաստատուելէ ետք Յասմիկ կ՚ոգեւորուի Հայաստանի մէջ պետական թատրոն ստեղծուելու որոշմամբ եւ անոր հիմնադիրներէն մէկը կը դառնայ: Հանրութիւնը դերասանուհին կը բնութագրէ սապէս՝ «Ան թէ՛ բեմի վրայ է մայր, թէ՛ կեանքին մէջ»: Անոր խաղացած մայրերու դերերէն մին Սունդուկեանի «Պէպօ»ի Շուշանն էր: Այս կերպարը դարձած է անոր թագն ու պսակը: Անարդարացի իրականութեան դէմ բողոքող, ճշմարտախօս մօր մը կերպարը հիանալի կերտած է Յասմիկ ու զայն բեմին վրայ վարպետօրէն ցուցադրելով մնացած է հանդիսատեսի յիշողութեան մէջ:

Հայկական առաջին ժապաւէնէն՝ 1925 թուականին նկարահանուած «Նամուս»էն սկսեալ, Յասմիկ մինչ եւ իր կեանքի վերջը խաղացած է շարժապատկերներու մէջ եւ հիմնականին կերտած է մայրական դերեր ու կիներու զօրաւոր կերպաներ: Շարժապատկերին զուգահեռ ան հաւատարիմ մնացած է իր «առաջին սիրոյն»՝ թատրոնին: 1936 թուականին Յասմիկ արժանացած է աշխատանքի հերոս կոչումին՝ իր նուիրեալ աշխատանքի եւ աշխատանքի մէջ ունեցած բացառիկ ձեռքբերումներուն համար, ստացած է նաեւ Հայաստանի Ժողովրդական դերասանուհիի կոչումը։ Դերասանուհի Յասմիկ-Թագուհի Յակոբեան եղած է նաեւ Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի երեսփոխան: Իր մահէն առաջ Յասմիկ գրած է «Թատերական յուշեր» գիրքը:

Մահացած է 1947 թուականին, Երեւանի մէջ, 69 տարեկանին: Իր ստեղծագործական կեանքի 43 տարիներու ընթացքին Յասմիկ խաղացած է շուրջ 300 կիներու դերեր՝ դասական եւ ժամանակակից հեղինակներու գործերու մէջ:

Նկարիչ Մարտիրոս Սարեանը՝ Յասմիկի մասին

«Յասմիկը իր անունին իսկական տէրն էր: Ես այդպէս ալ նկարած եմ զայն. Յասմիկի՝ ծաղկի պէս…

«Մարդկային նկարագրի արտաքին գիծերու՝ համեստութեան, ազնուութեան, մտերմութեան մարմնացումն էր ան: Ըլլալով պարզ, հողի մարդու ընտանիքի զաւակ, ան իր մէջ, իբրեւ հարստութիւն, կը կրէր այդ բարձր արժանիքները: Յասմիկ դերասանուհին եւ Յասմիկ անձնաւորութիւնը իրարմէ անբաժան էին: Մէկը միւսին գոյն ու համ կը հաղորդէր: Այդ զուգորդումն էր, որ եզակի հմայք կու տար անոր դերասանական բնածին, հրաշալի, գերող տաղանդին: Այդ պայծառ տաղանդը կեանքին մէջ եւ բեմին վրայ սոսկ Յասմիկ ճանչցուեցաւ եւ Յասմիկ ալ կը շարունակուի յաւիտեան ապրիլ»:

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/ Պոլիս