image

Հրատապ օրակարգերու գծով. Հայ գիրքը ընթերցո՞ղը, թէ՞ Հայ գրականութիւնը. Ո՞ր մէկը միւսէն «նեղուած է». Գրեց՝ Պարոյր Յ. Աղպաշեան

Հրատապ օրակարգերու գծով. Հայ գիրքը ընթերցո՞ղը, թէ՞ Հայ գրականութիւնը. Ո՞ր մէկը միւսէն «նեղուած է». Գրեց՝ Պարոյր Յ. Աղպաշեան

Դաժան եւ աննախընթաց օրեր կ’ապրինք։

Բիրտ եւ անօրինակ ժամանակներ կը դիմագրաւենք։

Մտահոգիչ եւ աննախորդ պայմաններ կը պարզուին։

Տագնապներ եւ անձկութիւններ մեր առջեւ կը ցցուին։

Խուճապներ ու դառնութիւններ ամենուրէք կը յայտնուին։

Անշուշտ, այս եւ նման վերիվայրումներ, միայն հայութեան յատուկ չեն, այլ՝ ամբողջ մարդկութեան, որովհետեւ ամէն ինչ շրջուած ու փոխուած է, դիմազեղծուած ու կարգալուծուած, եթէ տեղ մը նուազ է, ուրիշ տեղ մը միջակ, բայց, ապահովաբար, բոլոր կողմերը կ’ապրին նոյն անկումները, տառապանքները, խարխափումներն ու բացթողումները։

Ճիշդ է, անցեալի ժամանակները այսօր խեղաթիւրուած են, մտայնութիւնները՝ աղճատուած, հոգեբանութիւնները՝ ականուած, յարաբերութիւնները՝ խորթացած եւ, ընդհանրապէս, ամէն ինչ համարեա ձեւափոխուած է, հաշմուած, օտարացուած, տկարացուած եւ վերածուած տարբեր ու չոր իրականութիւններու, անծանօթ եւ անգութ ճշմարտութիւններու։

Դժբախտաբար, մարդկութիւնը այս իրարանցումները չի նկատեր, չանդրադառնար անոնց եւ կամ չուզեր տեսնել, ակամայ կը համակերպի ու հետզհետէ հոսանքն ի վար ինքզինք կը նետէ, իսկ այդ անղեկ եւ անուղղայ փորձերը, ոչ միայն զինք կը հարուածեն (եւ արդէն նման գահավիժումի մը մատնած են), այլեւ՝ համայն աշխարհը (եւ արդէն նման սայթաքումները ակնյայտ են)։

Ի զուր տեղ չէ, որ մարդկութեան գիտակից ու զգաստ հատուածները, դժգոհելով բոլոր կարգի նորութիւններէն (չըսելու համար այլանդակութիւններէն), իրենց անզօրութեան եւ անճարակութեան դիմաց, միայն կը զզուին զիրենք շրջապատող այդպիսի թունաւոր մթնոլորտներէն, բայց, ստիպողաբար, կը փորձեն «արդիական» միջոցառումները, զարգացումներն ու հոլովոյթները, երանի տալով այն օրերուն, երբ կ’ապրէին աւելի բարւոք կեանք մը ու կը վայելէին անկաշկանդ առօրեաներ։

Թերեւս, այս էր պատճառներէն մէկը (կամ գլխաւորներէն), որոնք մարդկութեան համար դարձան անշնչելի, անտանելի, անհանդուրժելի եւ անկրելի, քանի որ՝ ապրելակերպային ու կենցաղային կարգուսարքերը, աւելի ձեռնտու ու բարեբեր էին, իսկ աւելի խիստ պայմանները, այնքան ալ զիրենք անհանգստացնող չէին, այնքան ատեն որ կողմնակի կամ պարտադիր ճնշումները համատարած չէին, ոչ ցաւցնող, ոչ ալ պարտադրական «բեռ» էին։

***

Այս ընդհանրութեան ծիրէն ներս, որ համայնական է, իր անցեալով ու մանաւանդ ներկայով (տակաւին չենք գիտեր, թէ մօտակայ թէ հեռաւոր ապագան, ո՜րքան ուրիշ եւ յաւելեալ աղէտներ կրնայ բերել աշխարհի-մարդկութեան), անխուսափելի դարձաւ տիրող կացութիւնը, համեմատական ու բաղդատական եզրերով չափել, շեշտը դնելու համար հայկական իրականութեան վրայ։

Անկասկած, հայկական արժեչափերով մեր գնահատումը (առաւել՝ քննարկումը), շատ աւելի ծանրակշիռ է, պատասխանատու եւ սրահայեաց, որովհետեւ, մենք ըլլալով «ՓՈՔՐ ԱԾՈՒ», հայրենիքէն ներս թէ դուրս, ամենէն աւելի կրնանք ազդուիլ մեր շրջապատին մէջ գործող երեւոյթներէն ու լծակներէն ան իսկ ատոնք, որքան ալ ըլլան «բնական», սակայն, վերջին հաշուով, մենք ալ կ’ունենանք մեր տուժելի բաժինները։

Իսկ հայութիւնը ունի՞ այդ կարելիութիւնները եւ առաւելութիւնները, որոնցմով կրնայ պաշտպանուիլ կամ հակադարձել, ըստ պատշաճի ու տեղի, երբեք չիյնալու կամ չսուզուելու համար մահացու տիղմերու կամ ճահիճներու մէջ։

Անկեղծօրէ՛ն, կան նման առիթներ ու պատեհութիւններ, բայց, ատոնք բաւարա՞ր են կամ բաւարարա՞ծ են հայութեան, Հայաստանին, բայց մանաւանդ Սփիւռքին։

Ի հարկէ ո՛չ, պարզապէս անոր համար, որ Սփիւռքը տարանջատուած բեկորներու համալիր մըն է, ուր չկայ ո՛չ միօրինակութիւն, ո՛չ միատարրութիւն, ո՛չ ներդաշնակութիւն, ո՛չ ալ միակեցութիւն։

Բայց, կա՛յ հայու էութեան եւ ինքնութեան, աղբիւրներուն ու արմատներուն հաւատարիմ մնալու վճռակամութիւն ու կառչածութիւն, ուստի, հարցը այն է, որ այդ «սրբութիւն»ները ո՞րքանով կ’արդարացնեն իրենց գոյութեան եւ ազդեցութեան նժարները, ի դէմս, սրընթաց այն «ալիք»ներուն, որոնք ողողած են աշխարհը, իսկ հայութիւնը կը հանդիսանայ անոնցմէ ամենէն աւելի կորսնցնողը կամ վնասուողը։

Այս հաստատումներուն մէջ, ո՛չ ծայրայեղութիւն, ո՛չ ալ չափազանցութիւն կայ, այլ՝ թափանցիկութիւն մը ու լուսանցիկութիւն մը, որուն տեսանելի թէ անտեսանելի «բռնութիւն»ները կը զգան (զգալո՛ւ են) իւրաքանչիւր իրատես ու լիիրաւ հայ։

Ներկայիս, հայութիւնը կ’անցնի խիստ վտանգաւոր փուլերէ, հայաստանեան թէ սփիւռքեան մակարդակներով, ո՞վ կրնայ ուրանալ կամ անտեսել զանոնք, որոնք մեր դրան ետին են եւ յարատեւօրէն կը թակեն դռները, յիշեցնելով այն հաւանական արհաւիրքները, որոնք կրնան խիստ վտանգաբեր հետեւանքներ ունենալ, բայց, ատոնք կրնա՞ն ըլլալ որ մէկ օրէն միւսը առաջացան կամ անակնկալ «դուխ»երով ներխուժեցին հայոց ծոցը։

***

Ասկէ կու գամ իմ գլխաւոր ու հիմնական նիւթիս, որ առընչուած է, հայութեան համար խիստ այժմէական, անմիջական ու հրամայական օրակարգի մը, ատիկա՝

«ՀԱՅ ԳԻՐՔ»Ն Է

իր գրականութեամբ, ընթերցանութեամբ, հրատարակութեամբ, հետաքրքրութեամբ, հայագրութեամբ։

Ինչո՞ւ կը շեշտեմ Հայ Գիրքը, որովհետեւ,

- անիկա եղած է (ու պէտք է մնայ) մեր «ԳՐԱՒՈՐ» գոյութեան էական շառաւիղներէն մէկը։

- եղած է (ու պէտք է մնայ) մեր «ՈՍԿԵԱՅ ԲԱՆԱԼԻ»ներէն մէկը։

- եղած է (ու պէտք է մնայ) մեր «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ՊԱՏՈՒՀԱՆ»ներէն մէկը։

- եղած է (ու պէտք է մնայ) մեր «ԱԶԳԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱՆԻՇ»ներէն մէկը։

- եղած է (ու պէտք է մնայ) մեր «ԿԵՆԴԱՆԻ ՎԷՄ»երէն մէկը։

Ահաւասիկ այս արժանիքներով օժտուած ու մկրտուած է Հայ Գիրքը ու չի կրնար ան խամրիլ կամ լուսանցքուիլ, անհեթեթ պատճառաբանութիւններով եւ առարկութիւններով։

Եթէ Հայոց Այբուբենը, հայ ժողովուրդին համար դարձաւ գոյատեւման հրաշալիք մը ու վերածնունդի օրրան մը, ապա, ինչո՞ւ անոնցմէ բխած Հայ Գիրքը պիտի մնար, հետզհետէ անշքացնող կամ մռայլուող... լուսայանգութիւն մը։

Ուզենք կամ չուզենք, ընդունինք կամ ոչ, տխուր է այսօր Հայ Գիրքին վիճակուած ճակատագիրը, գրեթէ նետուած է մոռացութեան գիրկը, իսկ եթէ կան զայն յամառօրէն պաշտպանողներ ու լոյսին բերող հեղինակներ, ատոնք հազուագիւտներ են, որոնք կը ճանչցուին, որպէս... «խենթ»եր, ոմանց կողմէ գիտակցաբար, ոմանց կողմէ ալ՝ ակամաօրէն։

Սակայն, ինչո՞ւ այս հաւկուրութիւնը, անտարբերութիւնը եւ երախտամոռութիւնը, նման բարձունքներ ունենալէ եւ ապրելէ ետք, Հայ Գիրքի փառատօնային շքերթներով, յանկա՜րծ, աններելի պարապութիւն մը եւ անհարազատութիւն մը առաջացաւ հայ գիրքին նկատմամբ։

Ասիկա կարելի է բացատրել հետեւեալ երկու հանգամանքներով կամ տարբերակներով.

ա. Խորհրդային Հայաստանի անցումով, դէպի անկախութեան կարգավիճակ։

բ. Սփիւռքի պարագային, գրողներու նօսրացում (մահ, գաղթ, նորերու բացակայութիւն - այս ալ ուրիշ աղէտ մը, որուն պէտք է անդրադառնալ)։

Այո՛, ոչ մէկ կասկած, ընդհուպ՝ ԱՄԱՅԱՑՈՒՄ եւ ԱՄԼԱՑՈՒՄ, միանգամա՛յն։

Խորհրդային օրերուն, Հայ Գիրքը ԳԱՆՁ էր, առատ եւ ճոխ, որ կը հասնէր նոյնիսկ Սփիւռքի կարգ մը գրախանութները («Մաշտոց», «Ալ Ֆարապի», եւայլն), եւ փոխադարձաբար, սփիւռքահայ գրողներու գործերը կը հասնէին հայրենիք, հակառակ... «երկաթէ վարագոյրներ»երուն։

Անկախութիւնը ուրիշ «փորձանք» մը դարձաւ հայ գիրքերու գլխուն, լրի՛ւ, պորտէն կտրուեցաւ, իսկ դեսպանատուներուն միջոցով, այս հարցը լուծելու ճիգերը, մնացին (ու կը մնան) «ձայն բառբարոյ յանպատ»ի, եւ այսօր, Հայ Գիրքը, հոս թէ հոն, կը մնայ «անտէր-անտիրական», մինչեւ որ՝ անիկա... հալի, այս կամ այն կողմէն։

Ի դէպ, վերջերս, Լիբանանի «Համազգային»ը կազմակերպեց «Համահայկական Գիրքի Փառատօն» մը, ուր բազմահազար գիրքեր «տողանցեցին»ին, ինչ որ, դրական երեւոյթ մըն էր, բայց, ատկէ կարելի՞ է օգտուիլ, զայն դարձնելով, մնայուն հարթակ, որուն «հերոս»ը պէտք է ըլլայ Հայաստանի հանրապետութեան պատկան կողմը եւ ոչ թէ ան մնայ դիտողի ու լսողի (կամ երբեք չհետեւողի) դերի մէջ։

***

Ասկէ կը բխի ուրիշ հիմնածրար մը. մեր նոր սերունդը ինչո՞ւ հեռու է Հայ Գիրքէն եւ ընդհանրապէս հայ գիրքերու աշխարհէն (ոչ դասագիրքերու), ի՞նչ են պատճառները եւ ո՞րոնք են թերացումները։

Ասիկա, աւելի քան ԼՈՒՐՋ հարց մըն է, որ նոր սերունդին մօտ, «աչք ծակել»ու ուժգնութեամբ նշմարելի ու զգալի է։

Արդեօ՞ք այս թղթածրարը, անհրաժեշտ ուշադրութեամբ ու բծախնդրութեամբ լուսարձակի տակ առնուած է եւ յանգած համապատասխան եզրակացութեանց։ Վստահաբար, այո՛, բայց, հարցերուն-հարցը կը մնայ, ի՞նչ հետեւանքներ ունեցած են անոնք եւ ինչո՞ւ հայ գիրքին հանդէպ հետաքրքրութիւնը ու հետեւողականութիւնը կը մնան... առկախեալներ։

Մեր աշակերտութեան տարիներուն, եթէ ոչ բոլորին, գոնէ կարեւոր թիւի մը համար, Հայ Գիրքը բարեպաշտութեան համազօր սրտամօտիկութիւն մըն էր, ոչ միայն Արեւմտահայ, այլեւ... Արեւելահայ, իսկ ամենէն աւելի, մեզի քաջալերողն ու զօրակցողը, ուսուցիչներու կողքին, եղած են ծնողները, անոնք դառնալով Հայ Գիրքին ընթերցանութեան ու կապուածութեան... հրեշտակները։

Անշուշտ, մեր այս ակնարկութիւնները, գրառումները, արձանագրութիւնները ու խորհրդածութիւնները, առանց որեւէ շահարկումի ու դիտաւորումի, կ’երթան Հայ Գիրքի անփոխարինելի դերակատարութեան, դաստիարակութեան եւ լիարժէքութեան, որոնք, միայն ու միայն, կրնան նպաստել եւ ամրացնել մեր ինքնութեան հզօրացման եւ արմատաւորման պահպանումին եւ մշակումին։

***

Անձնապէս, այս հարցերը, իմ երկարամեայ հրապարակագրական ասպարէզիս մէջ, միշտ արձագանգած ու քննարկած եմ, սակայն, այդ շրջաններուն տակաւին ժամանակները աւելի ընդունելի էին, իսկ ես զգացած էի գալիքին տխուր հետեւանքները, որոնց ականջալուր կ’ըլլանք ներկայիս։

Իսկ լուծումը կամ լուծումներուն ճամբաները այլ են, ոչ թէ այն ոգիով ու բարքով, որոնցմով, փորձ կը կատարուի... բան մը չընել, բայց, շատ բան ակնկալել։

 

Պարոյր Յ. Աղպաշեան

(Պէյրութ)