Պելճիքայի թագաւոր Ֆիլիփը եւ անոր ընտանիքը մասնաւոր այցով կը գտնուին Հայաստան: Այդ մասին տեղեկացուցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Աննա Նաղդալեանը:
«Կրնամ հաստատել, որ Պելճիքայի թագաւորական ընտանիքը մասնաւոր այցով Հայաստան է»,- ըսած է ան:
Այլ մանրամասնութիւններ ան չէ հաղորդած: