Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութիւնը դէմ պիտի քուէարկէ ՀՀ վարչապետի պաշտօնին Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութեան: Այս մասին յատուկ նիստի ժամանակ յայտարարեց խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեանը:
Ազգային ժողովի մէջ կ'ընթանայ յատուկ նիստը. պատգամաւորները կը քննարկեն ՀՀ վարչապետի ընտրութեան հարցը: Առաջադրուած միակ թեկնածուն Նիկոլ Փաշինեանն է. անոր թեկնածութիւնն առաջադրած է «Ելք» խմբակցութիւնը: ԱԺ չորս խմբակցութիւններէն երեքը՝ «Ծառուկեան», ՀՅԴ, «Ելք», յայտարարած են Փաշինեանի թեկնածութիւնը սատարելու մասին. այդ խմբակցութիւնները միասին ունին 47 ձայն, սակայն յատուկ նիստին իր ելոյթի ժամանակ ՀՅԴ-ական Աղուան Վարդանեանը յայտարարեց չքուէարկելու իր որոշման մասին: Վարչապետի ընտրուելու համար անհրաժեշտ է նուազագոյնը 53 պատգամաւորի ձայն: ՀՀԿ-ն ունի 58 պատգամաւորական մանդատ: