image

Հանրապետական Թրամփի Խորհրդատուներէն Մէկը Արմատներով Լիբանանցի Մըն է

Հանրապետական Թրամփի Խորհրդատուներէն Մէկը Արմատներով Լիբանանցի Մըն է

ԱՄՆ- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- ԱՄՆ-ի  նախագահական ընտրութիւններու հանրապետական ​​թեկնածու Տոնալտ Թրամփը արտաքին գործերու վերաբերեալ խորհրդականներու մարմին մը կազմած է, որոնց շարքին է նաեւ ծագումով լիբանանցի Ուալիտ Ֆարէսը: Այս մասին տեղեկացնելով՝ «Ալ-Ժատիտ» նաեւ կը նշէ, թէ Ֆարէս հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ ինք Տոնալտին առաջին անգամ հանդիպած է 2015-ի նոյեմբերին, երբ գործի ծիրէն ներս կը կապուէր եւ խորհուրդներ կու տար հանրապետական կուսակցութեան հինգ թեկնածուներու, որոնցմէ մէկը Թրամփն էր: Այնուհետեւ, ինչպէս կը հաղորդէ աղբիւրը, Թրամփի ընտրապայաքարի խումբը անցեալ ուրբաթ կապուած է Ֆարէսի հետ եւ խնդրած, որ ան միանայ խորհրդատուական խումբին եւ Ֆարէս համաձայնած է «քանի որ Թրամփը կրնայ իրականացնել այն, ինչ այլ թեկնածուները չեն կրնար»,- պարզաբանած է Ֆարէս:

Նոյն զրոյցին մէջ, խօսելով Թրամփի վարելիք արտաքին քաղաքականութեան մասին, Ֆարէս ընդգծած է, որ Թրամփ դէմ է  Միացեալ Նահանգներու` Իրանի հետ կնքած կորիզայինի համաձայնութեան, անոր կարծիքով այդ համաձայնութիւնը պէտք է վերատեսութեան ենթարկուի եւ չեղեալ համարուի, զայն բնութագրելով որպէս «վատ գործարք»: Այս կապակցութեամբ Ֆարէս ընդգծած է, որ Թրամփ լուրջ է  սոյն համաձայնագրին ընդդիմութեան մէջ եւ նոյնպէս լուրջ է Միջին Արեւելքի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու որոշումին մէջ:

Նշենք, որ Ուալիտ Ֆարէս ծագումով լիբանանցի է, ան 20 տարիներէ ի վեր հաստատուած է ԱՄՆ, ունի գիտութիւններու թեկնածուի կոչում, եւ կ'աշխատի որպէս խորհրդատու՝ ԱՄՆ-ի խորհդարանին, ան նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի փորձագէտ է: