Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը փոփոխութիւններ կատարած է իր դիւանէն ներս, եւ Համբիկ Սարաֆեանը ընտրած կուսակցութեան ատենապետ: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: Կը նշուի նաեւ, որ կուսակցութեան ատենապետ Յակոբ Տիգրանեան անձնական պատճառներու բերումով հրաժարած է իր պաշտօնէն: Նշենք, որ ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան փոխատենապետն է Սեպուհ Գալփաքեան, որ միեւնոյն ժամանակ Լիբանանի խորհրդարանի անդամ է: Երեւանի Բժշկական Համալսարանէն վկայուած բժիշկ Համբիկ Սարաֆեան կը բնակի Լոս Անճելըս: