image
Հրատապ լուրեր:

Համբիկ Սարաֆեան ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ

Համբիկ  Սարաֆեան  ՍԴՀԿ  Կեդրոնական Վարչութեան  ատենապետ

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան  Կուսակցութեան   Կեդրոնական Վարչութիւնը   փոփոխութիւններ կատարած է իր դիւանէն ներս, եւ Համբիկ Սարաֆեանը   ընտրած կուսակցութեան ատենապետ: Այս մասին տեղեկութիւնը  տրուած է   կուսակցութեան    Կեդրոնական Վարչութեան  հրապարակած հաղորդագրութեան  մէջ: Կը նշուի  նաեւ, որ կուսակցութեան   ատենապետ  Յակոբ Տիգրանեան  անձնական պատճառներու բերումով հրաժարած է իր պաշտօնէն:  Նշենք, որ  ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան    փոխատենապետն է   Սեպուհ Գալփաքեան, որ միեւնոյն ժամանակ Լիբանանի խորհրդարանի անդամ է: Երեւանի Բժշկական Համալսարանէն վկայուած բժիշկ Համբիկ Սարաֆեան կը բնակի   Լոս Անճելըս: