Իսրայէլեան բանակի կործանիչներ գրոհ մը կատարած են Սուրիոյ Համա նահանգի մերձ գտնուող Մըսեաֆ շրջանին վրայ:
«Հաարէթց» պարբերականը նշած է, որ հրթիռներուն թիրախը եղած է Մըսեաֆ աւանին մէջ գտնուող զօրակայան մը, որ նաեւ կը պարունակէ քիմիական զէնքեր պատրաստելու կարողութիւնը ունեցող տարրալուծարան մը:
Աղբիւրը նաեւ կը գրէ,որ այդ շրջանին մէջ լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութիւնը կը պատրաստուէր հեռահար հրթիռներ նախապատրաստելու աշխատանքներ սկսիլ:
Սուրիական աղբիւրներ իրենց կարգին փոխանցեցին, որ այսօր առաւօտ կանուխ «Մըսեաֆ» աւանին վրայ եղած գրոհին հետեւանքով զոհուած են երկու զինուորներ: Լիբանանեան Lebanon 24 կայքը նոյն թեմային մասին խօսելով յայտնած է, թէ այսօր լուսադեմին սարսափի մթնոլորտ է մասնաւորապէս Պաալպեքի շրջանին մէջ, ուր լսելի դարձած են պայթումներու ձայներ եւ իսրայէլեան կործանիչներ թռիչքներ կատարած են շրջանին վերեւ:
Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի թիրախ դարձուցած զօրակայանը կը գտնուի ռուսական զօրքերու խարիսխ հանդիսացող «Հըմամին» զօրակայանէն 70 քլմ. հեռաւորութեան վրայ: