Ան պարզաբանած է, որ ռազմակայանի յայտնուիլը համակարգային բնոյթ ունի:
Այդ, անոր խօսքով, կապուած է ոչ միայն այն բանի հետ, որ Թուրքիոյ համար կարեւոր է Ատրպէյճանի մէջ (Հարաւային Կովկասի տարածք) ամրապնդուիլը, այլ նաեւ կարեւոր է յարձակողական քաղաքականութեան ցուցադրման տեսանկիւնէ, ընդ որում, այնպիսի քաղաքականութեան, որ պտուղներ կու տայ:
«Թուրքիոյ համար, որ այսօր իր հովանու ներքոյ թրքական պետութիւններու համախմբման գիծ կը հետապնդէ, այդ շարքին՝ յետխորհրդային տարածքին մէջ, շատ կարեւոր է իր ազդեցութիւնը զօրացնելը Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Կովկասի մէջ՝ ներառեալ Հիւսիսային Կովկասը», - ընդգծած է Լեփեխինը:
Հետեւաբար, Անգարայի համար սկզբունքային նշանակութիւն ունի որեւէ քայլ, որ կը ցուցադրէ Թուրքիոյ ուժը եւ Ռուսաստանի թուլութիւնը, նշած է փորձագէտը:
«Ես կը կարծեմ, որ Ռուսաստանէն արձագանգ չըլլար Ատրպէյճանի մէջ թրքական ռազմակայանի առաջացման հարցի շուրջ: Ցաւօք, Մոսկուայի մէջ մշակուած չէ թրքական ընդլայնման հակազդելու ուղղութիւն: Հակառակը, մենք յաճախ կը տեսնենք չհամաձայնեցուած եւ անտարամաբանական գործողութիւններ Ռուսաստանի կողմէ Թուրքիոյ ուղղութեամբ: Ըստ ամենայնի՝ այդ կապուած է համատեղ տնտեսական հետաքրքրութիւններու հետ (կազի փոխադրում, ԱԷԿ-ի կառուցում եւ այլն): Ռուսիոյ մէջ ամրապնդուած թրքական ընկերութիւններու ազդեցութիւնը յանգեցուցած անոր, որ Ռուսաստանը չունի յստակ արտայայտուած եւ կոշտ դիրքորոշում Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ ուղղութիւններով թրքական ընդարձակման շուրջ: Անհրաժեշտ է, սակայն, նկատել, որ այդ վտանգը աստիճանաբար կը գիտակցուի», - աւելցուցած է քաղաքագէտը: