image
Հրատապ լուրեր:

Հնարաւոր է, որ Թուրքիան զօրակայաններ հիմնէ Ատրպէյճանի մէջ. RUSEN

Հնարաւոր է, որ Թուրքիան զօրակայաններ հիմնէ Ատրպէյճանի մէջ. RUSEN

Թուրքիան հնարաւոր է ռազմակայաններ հիմնէ Ատրպէյճանի Կիանճա (Գանձակ), Լենքորան եւ Կապալա քաղաքներուն մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ Անգարայի մէջ Ռուսաստանի հետազօտութիւններու հիմնարկի (RUSEN) թուիթըրեան էջը։ 

Նշենք, որ աղբիւրը չի հաստատեր տեղեկութիւնը, սակայն կ'ընդգծէ, որ պնդում կայ, որ Թուրքիան ռազմակայաններ պիտի բանայ Ատրպէյճանի վերոյիշեալ շրջաններուն մէջ։

Թուրք օգտատէրերը այդ գրառման տակ մեծ ոգեւորութիւն ցուցաբերած են, որոշներն ալ մտահոգութիւն յայտնած են, թէ ինչու այդ ռազմակայաններէն որեւէ մէկը պիտի չտեղակայուի Ղարաբաղի մէջ:

Օգտատէր մըն ալ գրած է, որ Հայաստանի, Իրանի եւ Տաղստանի հետ սահմանային հատուածներուն մէջ այդ ռազմակայաններու հիմնումը կարեւոր է Ատրպէյճանի անվտանգութեան համար: