«Արեւելք»ի զրուցակիցն է Մարինա Մարտիրոսեանը: Ծնած է Հալէպ եւ պատերազմական գործողութիւններուն հետեւանքով հինգ տարի է՝ ի հաստատուած է Պէյրութի մէջ: Մարինան վերջերս այցելեց Հալէպ եւ այդ առթիւ մեր փափաքով իր տպաւորութիւնները ուզեց կիսել «Արեւելք»ի ընթերցողներուն հետ:
-Ի՞նչ պայմաններու տակ հեռացաք Հալէպէն, ինչպէ՞ս կը յիշէք այդ ծանր, դժուար օրը, ի՞նչ զգացումներ ունէիք այդ ծանր պահերուն:
2012-ի վերջաւորութեան երբ զինեալները մտան Հալէպի Աշարաֆիէ, Շէյխ Մաքսուտ թաղամասերը, արդէն շատ վատ եղաւ մեր շրջանի վիճակը: Ծնողքս, մասնաւորապէս մայրս շատ կը փափաքէր որ ելլենք Հալէպէն, սակայն ես եւ քոյրս չէինք ուզեր, որովհետեւ կը դժուարանայինք մեր ամէն ինչը՝ աշխատանքը, ակումբ, ընկերներ եւայլն ձգել ու հեռանալ: Սակայն հանգամանքները այնպէս դասաւորուեցան, որ եղբօրս ամուսնութեան առթիւ 2013-ի մայիսին Լիբանան գացինք երկու շաբթուան համար եւ մինչ մեր վերադարձը Հալէպի առաջին շրջափակումը եղաւ եւ ստիպուած Լիբանան մնացինք:
Ըսեմ նաեւ որ Հալէպէն Լիբանան ճանապարհին շատ վատ միջադէպի հանդիպեցանք: Ճանապարհին «Ժապհէթ Ալ-Նուսրա»ի անդամներ մեր հանրակառքը կեցուցին, բարձրացան եւ պոռալ կանչելով հրահանգեցին որ բոլորս մեր գլուխները ծածկենք, եւ յայտարարեցին որ այսուհետ միայն այսպէս պէտք է դուրս գանք:
Այս միջադէպը, նաեւ Հալէպի շրջափակումը պատճառ դարձան, որ մենք մոռնանք ետ դարձի ճամբան: Եւ որովհետեւ ստիպուեցանք մնալ, ստիպուեցանք տուն վարձել, հետեւաբար աշխատանք ճարել եւ այդպէս ինքնաբերաբար ընտելացանք: Սկզբնական շրջանին՝ առաջին մէկ տարին շատ դժուար էր, Հալէպի աշխատանքէս դեռ չէի հրաժարած, ոչ ոքի հրաժեշտ տուած էի, ոչ ալ ապրանք բերած էի, 2 շաբթուայ ապրանքով ելայ Հալէպէն եւ հինգ տարի է Լիբանան եմ, շատ դժուար եղաւ մինչեւ համոզուիմ, որ Լիբանան պիտի մնամ, մանաւանդ որ, ինչպէս ըսի, պատրաստուած չէի եկած, ամէն օր կու լայի, գիշերները յարատեւ երազիս մէջ Հալէպի թաղերը կը տեսնէի, կ'ուզէի վերադառնալ, բայց ժամանակի ընթացքին ձեւով մը ես ինծի կրցայ համոզել, որ պէտք է առաջ նայիմ եւ փառք Աստուծոյ, որ շուտով գործ գտայ եւ այդ մէկը օգնեց որ ընտելանամ Լիբանանի միջավայրին եւ ընդունիմ, որ այլեւս Հալէպ չկայ ինծի համար: Մինչեւ օրս ալ, աշխատանքի բերումով Սուրիոյ տարբեր նահանգներ կը գտնուիմ, բայց ամենադժուարը ինծի համար Հալէպ այցելելն է: Առաջին անգամ անցեալ տարի եկայ, չորս օրով եւ շատ ծանր տարի, տեսածներս եւ ապրումներս ծանր էին, այս տարի ալ դժուարութեամբ եկայ, բայց աւելի դիւրին կրցայ տանիլ:
-Ինչպէս նշեցիք, հինգ տարի է՝ արդէն հեռու կը մնաք Հալէպէն եւ այսօր պայմաններու բերումով կարճ ժամանակով մը կը գտնուիք այնտեղ, ի՞նչ փոխուած է Հալէպի մէջ, ի՞նչ կրցաք նկատել:
Ինչպէս ըսի, ասի երկրորդ այցս է Հալէպ, շատ բան փոխուած է, Հալէպը ուղղակի կարծես մեծ գիւղ մըն է այսօր, պատերազմէն առաջուան մեր գիտցած Հալէպը գոյութիւն չունի, ճամբաները խորտուբորտ, պատերը սեւ, շատ տխուր տեղ մըն է, շատ ցաւալի է ինծի համար երբ ծանօթ թաղերէ կը քալեմ եւ կը տեսնեմ թէ ինչպէս երբեմնի աշխոյժ եռուզերով խանութները հինցած ու փոշոտած, անխնամ վիճակի մէջ են, անցեալ տարի վիճակը աւելի վատ էր, բոլոր խանութներուն ցուցափեղկերը նայլոններ քաշուած էին, ցաւով կը նշեմ այս բոլորը, շատ ծանր հոգեկան ցնցում ապրեցայ, չէի կրնար ոչ արտայայտուիլ, ոչ լալ, ոչ խօսիլ, ուղղակի շոք էր ինծի համար Հալէպը այդ վիճակին մէջ տեսնել: Մարդիկ ոչ թէ հինգ, այլ կարծես 10-15 տարիով մեծցած են, փողոցները ամէն մարդ սեւ հագած, գոյներ չկան՝ ոչ հագուստի ոչ դէմքի, շատ տխուր վիճակ մը կայ Հալէպի մէջ:
Երբ մեր շէնքը մտայ, շատ դժուար էր ինծի համար տուն բարձրանալը, տուն մտայ, սակայն չկրցայ բոլոր սենեակները մտնել, չնայած մեր տունը չէ ռմբակոծուած, բայց չկրցայ, որովհետեւ ես ինծի համոզած էի, որ Հալէպ այլեւս վերջացած է, այլեւս Հալէպ պիտի չտեսեմ. այդպէս համոզած էի ես ինծի, որպէսզի կարենայի Պէյրութի մէջ գոյատեւել:
Մեր հայկական թաղամասերը ամբողջ այլազգ լեցուած է, մեր շէնքի հին դրացիներէն միայն 4-ը մնացած են, մինչ շէնքի մէջ 12 դրացի էինք, հիմա այնտեղ այլազգ ընտանիքներ կան: Կան շէնքեր, որոնք լրիւ դատարկուած են, դուրսէն կ'երեւի թէ տուները բոլոր փակ են կամ փլատակ:
-Հալէպահայութեան մօտ ի՞նչ տրամադրութիւն կը տիրէ ներկայիս, տրուած ըլլալով որ մէկ տարիէ ի վեր Հալէպը կ'ապրի խաղաղ շրջան մը, ի՞նչ է ընդհանուր տպաւորութիւնը:
Այս տարի, հակառակ որ պատերազմական վիճակը աւարտած է, ամէն մարդ իր բնականոն կեանքին դարձած է, սակայն մարդիկ տխուր են եւ ձեւով մը՝ յուսահատ, շրջան մը աւելի ուրախ էին, երբ նոր վերջացած էր պայթումներն ու ռմբակոծումները, այդ ժամանակ մեծ փոփոխութիւններու յոյսեր կար, բայց այսօր՝ ազատագրումէն մէկ տարի անց աւելի տխրութիւն կայ, մարդիկ շատ անտարբեր դարձած են, օրինակ առաջ շատ հոգ կը տանէին իրենց խանութներուն, կը մաքրէին, հիմա այդ առումով անհոգութիւն եւ անփութութիւն կայ, նոյնիսկ դեղատուներ, որ պէտք է աւելի մաքուր ըլլան, փոշիներու մէջ են եւ լսեցի հիւանդանոցներն ալ շատ լաւ վիճակի մէջ չեն:
Ընդհանուր առմամբ ինչ որ նկատեցի շատ մարդիկ, որոնք պատերազմին չճամբորդեցին, հիմա կ'ուզեն ճամբորդել, որովհետեւ յուսահատութեան վիճակ մը կայ, գործերը շատ տկար են, անոնք որոնք կը սպասէին պատերազմը վերջանայ, խաղաղութիւն տիրէ, որպէսզի աշխատին, անոնց երազները չիրականացան, գործերը շատ տկար վիճակի մէջ են: Բացի այդ, իմ տեսանկիւնով, ժողովուրդը առաջ աւելի բարի էր, սրտանց էր, հիմա աւելի ինք իրմով ապրող, անշուշտ ոչ բոլորը, կան մարդիկ, որոնք զօրաւոր կամքով այնպիսի կեանք մը կը վարեն, կարծես պատերազմի պայմաններ տեսած չեն եւ դրական կերպով կը գոյատեւեն իրենց կեանքը, միեւնոյն ժամանակ սակայն հանդիպեցայ այնպիսի մարդոց, որոնք շատ յոգնած եւ անտարբեր են կեանքի հանդէպ:
-Ինչպէ՞ս կը դիտարկէք սուրիահայութեան եւ յատկապէս հալէպահայութեան ապագան, ի՞նչ կրնաք ըսել այդ մասին:
Աշխատանքի բերումով այս վերջին հինգ տարիներուն առիթը կ'ունենամ Սուրիոյ տարբեր նահանգներ այցելելու, յաճախ կը հանդիպիմ հայերու եւ կրնամ ըսել, որ Հալէպի մէջ է, որ ամենաշատ հայութիւնը ե՛ւ որպէս թիւ, ե՛ւ որպէս հայախօսութիւն կը գոյատեւէ: Այլ նահանգներու մէջ ինչպէս Լաթաքիա, Թարթուս, Սուայտաա քիչեր հայերէն կը խօսին, բոլորը արաբական միջավայրի հետ ընտելացած են, կը զգամ որ միայ Հալէպի մէջ պահպանուած է հայութիւնը:
Ուրիշ բան մըն ալ նկատեցի, ինչ որ կը տեսնեմ, գաղութին մէջ քիչ մը արուեստի երեկոներ, երգչախումբերու, պարախումբերու ելոյթներ, հանդիսութիւններ կազմակերպելու չափազանցուած ալիք մը կայ, կը կարծեմ այդ մէկը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ կ'ուզեն փաստել որ իրենք կան, մնացին: Նկատեցի, որ անձեր կան, որոնք՝ որովհետեւ ուզեցին Հալէպէն ելլել եւ չկրցան, կ'ուզեն ցոյց տալ, որ իրենք մնալով ճիշդ որշում առին, իսկ ելլողները բոլորը դաւաճաններ էին:
Ինչ կը վերաբերի գաղութի վերականգնման, իմ կարծիքով շատ դժուար է, որովհետեւ չեմ տեսներ որ մէկը յոյսով կ'աշխատի, նոյնիսկ եթէ ջանքեր կան, այդ ջանքերը բան մը փաստելու համար է, ոչ թէ ապագայի հանդէպ յոյսի մը համար, յուսամ սխալ կ'ելլեմ, բայց ես այդպէս նկատեցի: