image

Հալէպի Վերջին Հայ Գրողը. Ո՞վ Է Ան

Հալէպի Վերջին Հայ Գրողը. Ո՞վ Է Ան

 Ո՞վ  է Հալէպի վերջին հայ գրողը: Գաղութ մը, որ    վերջին տաս   տարիներուն   սկսած էր  դառնալ    գրական  կարեւոր աւանդ բերող  եզերք մը, այսօր   գրողի եւ գրականութեան  սովէ կը տառապի: Տակաւին       տարբեր  գոյներով իմաստ ստացած   պատերազմի օրագրութեան  մէջ բաւական անհեթեթ պիտի ըլլար խօսիլ ու մտածել գրողի ու գրականութեան մասին:  Գաղտնիք  ալ չէ,  որ արդէն  իր 5-րդ տարին թեւակոխող պատերզամին հետեւանքով հալէպահայ գրողներու մեծ տոկոսը հեռացաւ երկրէն:   Այպանելով չէ, որ պէտք է արձանագրենք այն փաստը, որ այսօր Հալէպի մէջ  հազիւ մէկ հայ գրող կ'ապրի: Այո՛ մէկ  գրող:Երէկուան  հարիւր,   յիսուն, քսան եւ տաս   գրողները դարձած են մէկ: Մէկ թիւը  բնականաբար խորհրդանաշական  է:   Այդ թիւը կը խորհրդանշէ  հալէպահայուն ապրելու  եւ իր    տունն ու եկեղեցին չլքելու կամքը:  Եթէ  անկեղծ ըլլանք, այդ մէկ գրողն է այսօր, որ արժանի է  բոլոր այն մետալներուն, որոնք  այս տօնական օրերուն հոս ու հոն կը շռայլուին:  Այդ մէկ գրողն է դարձեալ, որ արժանի է  սիրոյ եւ  ուշադրութեան:  Այդ մէկ գրողն է  այսօր, որ  իր ստացած    նօսր ամսականով ( հազիւ 100 ամերիկեան տոլար)   կը շարունակէ  իր «առաքելութիւն»ը:  Անքուն մնալով, կէս փորով  անկողին երթալով,   իր հինցած սուրճը  խմելով, ամէնէն անորակ  ծխախոտները սեղանին  դնելով: Տակաւին  այդ  վերջին հայ գրողը կը պատմէ, թէ ինչպէս կ'արթննայ առաւօտները, ու տան  մէջ տիրող ցուրտին    դիմաց   անդամալուղծուելով  կը դժուարանայ անկողնէն ելլել  եւ պատրաստուիլ  իր  «նոր  օրուան» մը: Ան  դուրս կու գայ փողոց, կ'այցելէ հայկական  եկեղեցիներ, կ'անցնի հայ տղոց դիրքերուն մօտէն, կը բարեւէ  մեր  անոնց, մոմ մը կը վառէ  եկեղեցիէն ներս, տաքուկ  անկիւն մը կը փնտռէ,  իր    խմբագրած թերթին համար կարճ նշմար մը գրելու: Ապա   խանութ մը մտնելով, քանի մը կտոր միրգ կ'առնէ   այդ «էքզոդիք» պտուղներով իր  «տօնական»  սեղանը զարդարելու համար:

 Տարին կը գլորուի, ու նոր տարուան  յոյսերուն տրուելով  դարձեալ  կ'արթննայ ու  դիմադրելով ցուրտին,       իր տան մէջ եղած    կաթիլ մը ջուրով կը սափռուի,  կը հագուի իր հագուստները եւ կը  պատրաստուի իր «նոր օրուան», որ նման  պիտի ըլլայ   անցնող  5   տարիներու   բոլոր    «պատերազամական օրերուն»:  Ու այսպէս  կռիւներու բովէն անցնելով   կ'ապրի իր         մոխրագոյն   օրը, հաւատալով, որ    վաղը անպայման պիտի ըլլայ խաղաղաբեր  եւ  Հալէպը  պիտի վերագնտնէ իր  երբեմնի փայլքը:

 Ասկէ  անդին կարեւոր է   գիտնալ, որ այսօր Հալէպի մէջ կայ  առնուազն մէկ գրող, որ կը հաւատայ իր     գրելու  կամքին:

 Ցուրտէն գալարուելով եւ   տապին դիմանալով այդ գրողը  կը շարունակէ բարձր   պահել իր խօսքը: Այդ գրողին մասին է, որ գրեցի այսօր եւ պիտի ուզէի, որ ձեզմէ  շատեր   յիշեն, որ հակառակ պատերազմի ամէնէն թէժ   դէպքերուն  տեսակ մը կայ, որ արժանի է մեր ուշադրութեան  եւ խնամատար  ձեռքերուն:    Այդ տեսակը Հալէպի  գրողն է, Հալէպի վերջին հայ գրողը:

 «Խմբագիր»