image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի մէջ զոհուած է Մարալ Քիւլլիկեան .Զինեալները թիրախ դարձուցած են «Վէրժին Կիւլպէնկեան» Մայրանոցը

Հալէպի մէջ զոհուած է Մարալ Քիւլլիկեան   .Զինեալները թիրախ  դարձուցած են «Վէրժին Կիւլպէնկեան» Մայրանոցը

Հրթիռ մը  ինկած է Հալէպի «Վէրժին Կիւլպէնկեան» մայրանոցի շէնքին վրայ: Այս  մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նոյնպէս  տեղեկացուց, որ հրթիռի պայթումին հետեւանքով զոհուած է          ծերանոցի  պաշտօնեաներէն՝ Մարալ Քիւլլիկեան եւ վիրաւորուած են  երկու անձեր՝  Տէր Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան եւ ծերանոցի խնամակալ՝ Ժագ Հատտատ: Վիրաւորներուն  վիճակը  մտահոգիչ չէ:   Անցնող  24  ժամերուն  ընթացքին  այս  երկրորդ անգամն է, որ  մայրանոցը կը դառնայ    զինեալներու   թիրախ:   Տեղին կը համարենք   նշել, որ պատերազմին սաստկացումով    «Նոր գիւղ»ի  «Վէրժին Կիւլպէնկեան» մայրանոցէն     յարկաբաժին  մը տրամադրուած էր Հալէպի տարեցներուն: Մեր  աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ ծանր  իրավիճակին  պատճառով   տարեցները փոխադրուած են շէնքի ներքնայարկը: