Հրթիռ մը ինկած է Հալէպի «Վէրժին Կիւլպէնկեան» մայրանոցի շէնքին վրայ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նոյնպէս տեղեկացուց, որ հրթիռի պայթումին հետեւանքով զոհուած է ծերանոցի պաշտօնեաներէն՝ Մարալ Քիւլլիկեան եւ վիրաւորուած են երկու անձեր՝ Տէր Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան եւ ծերանոցի խնամակալ՝ Ժագ Հատտատ: Վիրաւորներուն վիճակը մտահոգիչ չէ: Անցնող 24 ժամերուն ընթացքին այս երկրորդ անգամն է, որ մայրանոցը կը դառնայ զինեալներու թիրախ: Տեղին կը համարենք նշել, որ պատերազմին սաստկացումով «Նոր գիւղ»ի «Վէրժին Կիւլպէնկեան» մայրանոցէն յարկաբաժին մը տրամադրուած էր Հալէպի տարեցներուն: Մեր աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ ծանր իրավիճակին պատճառով տարեցները փոխադրուած են շէնքի ներքնայարկը: