image

Հալէպի մէջ զոհ. Երկու օր առաջ մանկապարտէզին մէջ վիրաւորուած երեխան մահացած է

Հալէպի մէջ զոհ. Երկու օր առաջ մանկապարտէզին մէջ վիրաւորուած երեխան մահացած է

Հալէպի մէջ շատ մը շրջաններ կը շարունակեն մնալ հրթիռային յարձակումներու թիրախ, որոնք  կ'արձակուին մասնաւորապէս Ալ-Զահրաա եւ Ալ-Ռաշիտին շրջանները գտնուող զինեալ ահաբեկիչներուն կողմէն:

Հրթիռներու պատճառած վնասներէն զերծ չեն մնացած նաեւ երեխաները: 16 յունուարի առաւօտեան հռթիր մը ինկած է Հալէպի Ալ-Շահպաա թաղամասին մէջ գործող «Ալ-Ուահա» մանկապարտէզին վրայ: Այս մասին անդրադարձած են Հալէպի մասին լուրեր հաղորդող ֆէյսպուքեան էջերը:

Աղբիւրի համաձայն, հրթիռային յարձակման զոհ գացած է դպրոցի վարորդը եւ վիրաւորուած են 6 երեխաներ եւ մէկ դաստիարակ: Աւելի ուշ պարզ դարձած է, որ հիւանդանոց տեղափոխուած երեխաներէն մէկը եւս մահացած է՝ կրած ծանր վիրաւորումներուն պատճառով: