Օրեր առաջ Հալէպի մէջ վիրաւորուած Անի Աւագեան կը գտնուի ծանր վիճակի մէջ: «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ հալէպահայուհին գլուխէն ստացած վիրաւորումին հետեւանքով յայտնուած է ծանր կացութեան մէջ: Ան «Րազի» հիւանդանոցնէն փոխադրուած է «Ֆրիշո» հիւանդանոց յաւելեալ խնամք ստանալու համար: Մեր աղբիւրին համաձայն վիրաւորեալ հայուհիին դարմանման ծախսը կը հոգայ Հալէպի շտապ օգնութեան մարմինը: Յիշեցնենք, որ անցնող օրերու ընթացքին Հալէպը ինչպէս նաեւ քաղաքի հայաբնակ շրջանները թատերաբեմ դարձած էին ծանր հռթիռարձակումներու: Արձանագրուած են մեծ թիւով զոհեր, որոնց մէջ նաեւ Հալէպահայ ՝ Կարօ Թաշճեանն ու երեք երեխաներ, զոհերուն մէջ կան նաեւ երկու հայորդիներ՝ Ճորճ Թաշճեան եւ Աւետիս Թորոսեանը: