image

Հալէպի մէջ վիրաւորուած Անի Աւագեան կը գտնուի ծանր վիճակի մէջ

Հալէպի մէջ վիրաւորուած Անի Աւագեան  կը գտնուի ծանր վիճակի  մէջ

 Օրեր  առաջ  Հալէպի  մէջ վիրաւորուած  Անի Աւագեան կը գտնուի ծանր վիճակի մէջ: «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ հալէպահայուհին        գլուխէն  ստացած վիրաւորումին  հետեւանքով   յայտնուած է ծանր կացութեան մէջ: Ան  «Րազի» հիւանդանոցնէն   փոխադրուած է   «Ֆրիշո» հիւանդանոց յաւելեալ խնամք ստանալու համար: Մեր աղբիւրին համաձայն  վիրաւորեալ հայուհիին       դարմանման     ծախսը կը  հոգայ Հալէպի շտապ օգնութեան մարմինը: Յիշեցնենք, որ անցնող     օրերու ընթացքին  Հալէպը ինչպէս նաեւ  քաղաքի  հայաբնակ շրջանները   թատերաբեմ դարձած էին ծանր  հռթիռարձակումներու:      Արձանագրուած են     մեծ թիւով  զոհեր, որոնց մէջ  նաեւ  Հալէպահայ ՝ Կարօ Թաշճեանն ու երեք երեխաներ, զոհերուն մէջ կան նաեւ  երկու հայորդիներ՝ Ճորճ Թաշճեան եւ Աւետիս  Թորոսեանը: