image

Հալէպի մէջ Ռիթա Մինասեանը առաջատար. Ան մրցանակ ստացած է Ասմաա Ալ Ասատէն

Հալէպի մէջ Ռիթա  Մինասեանը  առաջատար. Ան մրցանակ ստացած է Ասմաա Ալ Ասատէն

Հալէպահայ  Ռիթա Մինասեանը Սուրիոյ ընկերային ծառայողներու ոլորտին մէջ  յատուկ մրցանակի արժանացած է։

Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպէն։ Մեր աղբիւրին համաձայն,  Մինասեան, որ   յատկապէս վերջին   տարիներուն  մաս կը կազմէ   Հալէպի մէջ ընկերային հարցերով     խորհրդատւութիւն     կատարող    միութեան մը, մասնակցած է        յաջողակ  ընկերային ծառայողներու մրցանքին  եւ  յետ ընտրութեան  դարձած է Հալէպ  քաղաքի    ընկերային ծառայողներու առաջատարը։

Կը նշուի  նաեւ, որ     Մինասեան    այս առթիւ   ընդունուած է Սուրիոյ առաջին Տիկին Ասմմա Ալ Ասատին կողմէ, որ   մեր հայրենակցուհիին  յանձնած է  յատուկ   մրցանակ մը։

«Արեւելք»   յաջողութիւն կը մաղթէ   Ռիթա Մինասեանին։