image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի մէջ հայ վիրաւորներ չկան. Աղբիւր

Հալէպի մէջ հայ վիրաւորներ չկան. Աղբիւր

Հալէպի մէջ հրթիռարձակումներու հետեւանքով վիրաւորներուն մէջ հայեր չկան: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ այս առաւօտ Հալէպի մէջ համեմատաբար հանդարտութիւն կը տիրէ, եւ մասնաւորապէս հայկական շրջաններուն մէջ իրավիճակը աւելի հանգիստ է, քան նախորդ երեք օրերը: Նշենք որ ըստ «Ալ-Մայատին» կայանին, այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ Հալէպի տարբեր շրջաններ ենթարկուած էին հրթիռարձակումներու, որոնց հետեւանքով ինկած էին երեք զոհեր եւ տասնեակ վիրաւորներ: