Հալէպէն Երեւան անվճար տոմսեր տրամադրելու դրութիւնը կրնայ կանգ առնել: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Երեւանի մէջ գործող «Հալէպ» կազմակերպութեան մօտիկ կանգնող աղբիւրէ մը: Մեր աղբիւրին համաձայն, Հալէպի մէջ տիրող խաղաղ իրավիճակին հետեւանքով կազմակերպութիւնը նպատակ ունի վերատեսութեան ենթարկել Հալէպէն Երեւան գալ ուզողներուն ձրի տոմսեր տրամադրելու հարցը:
Խնդիրը նաեւ կապ ունի այն փաստին հետ, ըստ որուն շատ մը հալէպահայեր «զբօսաշրջային» նպատակներով Երեւան կը ժամանեն ու որոշ ժամանակ անց նոյնիսկ առանց լուր իսկ տալու կը հեռանան Հայաստանէն:
Հալէպի մէջ խաղաղութեան ամրապնդումը օրս օրէ աւելի հաստատուն կը դառնայ, բայց եւ այնպէս կարգ մը աղբիւրներու համաձայն համայնքին մէջ մնացող հայորդիները նպատակ դրած են վաճառել իրենց բնակարանները ու վերջնականապէս Հալէպէն հեռանալ ու մասնաւորապէս հաստատուիլ Գանատա եւ եւրոպական երկիրներ:
Տրուած ըլլալով, որ ներկայացուած այս պատկերը ամբողջական չէ, «Արեւելք» իր ընթերցողներուն կը խոստանայ յառաջիկայ օրերուն յաւելեալ մանրամասնութիւններ ներկայացնել Հալէպի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակին մասին: