Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան վերջին շաբաթներուն շարք մը քայլերու ձեռնարկած է, որոնք, ըստ երեւոյթին, պէտք է հանգստացնեն ԱՄՆ-ին, նախագահ՝ Ճօ Պայտընի ուշադրութիւնը գրաւելու, սակայն չէ յաջողած, յայտնած է Insider-ը՝ վկայակոչելով դիւանագէտներուն եւ պաշտօնատար անձերուն:
Սպիտակ տան մամլոյ խօսնակ՝ Ճէն Փսաքին անցեալ շաբաթ յայտարարած էր, որ Պայտըն «ինչ-որ պահու» կը զանգահարէ Էրտողանին:
Պայտընի յաղթանակէն ի վեր Էրտողան շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներ փոխած է, որոնք կասկածելի էին Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ, եւ բանակցութիւններ առաջարկած է՝ սպառազինութիւններու գործարքի հետ կապուած փակուղիէն դուրս ելլելու համար:
Էրտողան երկու բարձրաստիճան պաշտօնեայ փոխած է, որոնց ԱՄՆ-ը եւ ԵՄ-ը իր հաւատարիմները կը համարեն՝ Մուրատ Ույսալը, որ 7 նոյեմբերին հեռացուեցաւ Թուրքիոյ կեդրոնական դրամատան ղեկավարի իր պաշտօնէն, եւ Պերաթ Ալպայրաքը՝ Ելեւմուտի նախարարը, որ հրաժարականը տուաւ 9 նոյեմբերին: Ալպայրաքը նաեւ Էրտողանի փեսան է:
Թուրքիան փետրուարին բանակցութիւններ առաջարկած է նաեւ F-35 կործանիչներու ծրագրի շուրջ, որմէ Անգարան հեռացուած էր նախկին նախագահ՝ Տանըլտ Թրամբի օրօք ռուսական S-400 համակարգերու ձեռք բերման կապակցութեամբ: Սակայն Պայտըն անտեսած է Թուրքիոյ առաջարկը, իսկ Փենթակոնը յայտարարած, որ վարչակազմը կը շարունակէ զէնքի ծրագրէն Թուրքիան բացառելու իր քաղաքականութիւնը:
Եւրոպացի դիւանագէտ մը նշած է, որ Էրտողան կը գիտակցի, որ Պայտըն աչք չի փակեր իր գործողութիւններուն վրայ, ինչպէս կ'ընէր Թրամբը:
«Թրամբը այդ բոլոր տղաներուն... Էրտողանին, Փութինին, Պիպիին... հաւասարի պէս կը վերաբերէր, եւ անոնք բոլորը սկսան հաւատալ, որ այդպէս է»,- աւելցուցած էր աղբիւրը՝ նկատի ունենալով ՌԴ նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինին եւ Իսրայէլի վարչապետ՝ Բենիամին Նեթանիահուին:
Քանի մը պաշտօնեաներ մատնանշած են սպասուող դատավարութիւնը թրքական պետական Halkbank դրամատան նկատմամբ, որ պէտք է տեղի ունենայ այս ամիս Նիւ Եորքի Հարաւային շրջանին մէջ: Halkbank-ը մեղադրուած է այն բանով, որ թոյլ տուած է Իրանին Թուրքիոյ տարածքով տասնեակ միլիառ տոլարներ լուալ կանխիկ, ոսկի եւ նաւթի տեսքով՝ ԱՄՆ-ի պատժամիջոցներէն խուսափելու համար:
Halkbank-ի սպասուող դատավարութիւնը, որ կը սպառնայ Թուրքիոյ տասնեակ միլիառ տոլարներու տուգանքներով եւ դրամական փոխանցումներու միջազգային համակարգերուն մուտքի արգելքով, ցոյց կու տայ, թէ որքան անհրաժեշտ է Էրտողանին կապեր հաստատել նոր վարչակազմին հետ:
Անդրադառնալով Halkbank-ի հարցին, ԵՄ-ի դիւանագէտը ըսած է. «Թուրքերը կը կարծէին, որ Թրամբի համար իրականութեան մէջ մէկ է: Բայց Պայտընի համար այդպէս չէ, եւ Պայտըն գիտէ, թէ ով իրական ուժ ունի յարաբերութիւններուն մէջ, եւ այժմ Էրտողան գրեթէ երկու ամիս է կը սպասէ հեռախօսի մօտ»:
«Այժմ Էրտողան պէտք է Պայտընի հետ քանի մը հարց լուծէ, բայց այն մէկը, որու մէջ ակնյայտօրէն մեղաւոր է Թուրքիան, կը մնայ սեղանին եւ կ'որոշուի դատարանի դահլիճէն ներս: Պայտըն կարող է զանգահարել անոր միայն դատավարութենէն յետոյ, եթէ որեւէ ճգնաժամ չառաջանայ»,- աւելցուցած է աղբիւրը: