«Շատ դժուարին պայմաններու մէջ ենք » «Արեւելք»ին ըսաւ Շահէ Մինասեան: Մինասեան, որ Հալէպի ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմնի անդամ է դիտել տուաւ, որ մէկ շաբաթէ ի վեր Հալէպը յայտնուած է ծանր դրութեան տակ ու նաեւ Հալէպի հայաբնակ շրջանները ինչպիսին են՝ Ազիզիյէի, Սիւլէյմանիյէ եւ Նոր Գիւղ թաղամասերը թիրախ դարձած են ծանր հրթիռարձակումներու: Մինասեան ըսաւ, որ ապահովական վտանգաւոր դրութեան հետեւանքով հայկական վարժարաններու մէկ մասը փակ կը պահէ իր դռները նկատել տալով, որ անցնող երկուշաբթի օր սկիզբ առած հրթիռարաձումները աննախընթաց են վերջին ամիսներուն համար եւ մտահոգիչը այն է, որ այս իրավիճակը կրնայ շարունակուիլ: Մինասեան, որ նոյնպէս անդամ է Հալէպի «Շտապ օգնութեան կեդրրոնական մարմին»ին նկատել տուաւ, որ մարմինը բաց կը պահէ իր ժողովները Հալէպի հայութեան հիմնական կարիքները հոգալու նպատակով: Ըստ Մինասեանի Հալէպի մէջ երեւելի սղաճ կայ եւ այդ մէկը եւս իր ծանր հետեւանքները կ'ունենայ Հալէպ ապրող մեր հայրենակիցներուն համար: «Մեր գլխաւոր ջանքերը ուղղուած են Հալէպի հայութեան անվտանգութեան պայմանները ապահովելու» եզրակացուց հալէպահայ գաղութի պատասխանատուներէն ՝ Շահէ Մինասեան: Նշենք, որ «Ռօյթըրզ» լրատուական գործակալութեան անցնող գրեթէ մէկ շաբթուան ընթացքին Հալէպի մէջ զոհուածներուն թիւը կը հասնի 250-ի:Մինչ Դամասկոսի եւ Լաթաքիոյ մէջ կրակմարը վերահաստատելու Ռուս-ամերիկեան համաձյանութեան մը մասին կը խօսուի Հալէպի ապահովութեան ընդհանուր դրութիւնը կարգաւորելու վերաբերեալ մասին մինչեւ այս պահը ոչ մէկ տեղեկութիւն կը հաղորդուի:
Շահէ Մինասեանի լուսանկարը առնուած է Հալէպի «Շտապ օգնութեան կեդրոնական մարմնի» գործնական աշխատանքներու պահուն: