Մէկէ աւելի արաբական աղբիւրներու համաձայն Հալէպի հարաւային հատուածներուն մէջ ընդդիմութեան շարքերուն մէջ պատերազմող թուրք, չէչէն եւ թիւրքմէն զինեալներ խոյս կու տան դէպի Թուրքիա: Այս մասին լուրը մասնաւորապէս կը փոխանցէ արաբական «Ալ Մայատին» կայանի լրագրողը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, թէ անցնող ժամերուն գրանցուած թէժ մարտերէ ետք Սուրիոյ բանակը յաջողած է գրաւել Հալէպի հարաւային գիւղական հատուածին մէջ գտնուող Թալլաթ Սնոպրաթ, Ուատահճի եւ այլ ութ կարեւոր գաւառներ: Նոյն աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, թէ բանակը յաջողած է հարաւային հատուածներուն մէջ մուտք գործել 85 քիլոմեթր խորութեամբ եւ ճեղքել ընդդիմութեան փակ օղակը: Հալէպի արեւելեան հատուածներուն մէջ բանակը ծանր մարտեր կը մղէ Տահէշ խմբաւորման դէմ, յատկապէս` «Քուարէս» զինուորական օդակայանին մօտ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ բանակի գրոհին կարեւորագոյն նպատակը Իտլիպ- Հալէպ կապը կտրելն է: