image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ. Թուրք, Չէչէն Եւ Թիւրքմէն Ահաբեկիչներ Խոյս Կուտան Հարաւային Հատուածներէն

Հալէպ. Թուրք, Չէչէն Եւ Թիւրքմէն  Ահաբեկիչներ  Խոյս Կուտան  Հարաւային Հատուածներէն

Մէկէ աւելի արաբական աղբիւրներու   համաձայն Հալէպի  հարաւային հատուածներուն մէջ   ընդդիմութեան   շարքերուն մէջ  պատերազմող թուրք, չէչէն եւ թիւրքմէն զինեալներ      խոյս կու տան դէպի   Թուրքիա: Այս մասին լուրը  մասնաւորապէս կը փոխանցէ   արաբական «Ալ Մայատին»  կայանի լրագրողը:  Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, թէ   անցնող ժամերուն   գրանցուած  թէժ մարտերէ ետք  Սուրիոյ  բանակը յաջողած  է գրաւել Հալէպի հարաւային  գիւղական հատուածին մէջ  գտնուող Թալլաթ  Սնոպրաթ,    Ուատահճի   եւ  այլ ութ կարեւոր      գաւառներ:   Նոյն աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, թէ բանակը      յաջողած է հարաւային հատուածներուն մէջ   մուտք գործել 85   քիլոմեթր խորութեամբ        եւ ճեղքել ընդդիմութեան  փակ օղակը:    Հալէպի արեւելեան հատուածներուն մէջ  բանակը  ծանր մարտեր կը մղէ Տահէշ  խմբաւորման դէմ,  յատկապէս` «Քուարէս» զինուորական   օդակայանին  մօտ: Կը հաղորդուի  նաեւ, որ    բանակի գրոհին   կարեւորագոյն  նպատակը   Իտլիպ- Հալէպ    կապը   կտրելն է: