image

Հալէպ. Թրքական ուժեր ռմբակոծած են Աֆրինը. Կան 10 վիրաւորներ

Հալէպ. Թրքական ուժեր ռմբակոծած  են Աֆրինը. Կան 10 վիրաւորներ

Հալէպի արուարձանը համարուող Աֆրինի մէջ, թրքական բանակի իրականացուցած  գնդակոծման հետեւանքով 10 մարդ, որոնց շարքին նաեւ երեխայ մը ծանրօրէն վիրաւորուած են: Այս մասին «Սփութնիք»ին հաղորդած է քիւրտ բանբեր մը, նշելով, որ թրքական բանակը «մինչեւ այս պահը կը շարունակէ հարուածել Աֆրինի մօտ գտնուող Քալճապրին գիւղը օգտագործելով հռթիրներ եւ ծանր հրետանիներ»:

 

Աւելի վաղ թրքական «Doğan» գործակալութիւնը յայտնած էր, որ Թուրքիան Սուրիոյ հետ հարաւային սահմանին մօտ ռազմական ուժեր, հրասայլեր եւ ծանր հրետանի ուղարկած էր գիշերով: Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ բանակը ուժեր եւ ռազմական փոխադրամիջոցներ ուղարկած է սահմանային գօտի համարուող Քիլիսի շրջան, որ կը գտնուի քիւրտերու վերահսկողութեան տակ գտնուող սուրիական Աֆրինին դիմաց: