«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ հալէպահայ երիտասարդ Յովիկ Սարօ Չէրչեան:
-Գիտենք, որ Հալէպի հայկական շրջաններուն մէջ զինուորական գործողութիւնները վաղուց աւարտած են: Ի՞նչ է այսօր ընդհանուր իրավիճակը:
Հալէպը եւ Սուրիան ունեցան տագնապալի օրեր: Ներկայիս ահաբեկչական խումբեր կան Հալէպի արեւմտեան շրջաններուն մէջ, որոնք կը սպասեն իրենց ազատագրման ժամը, միանալու ապահով շրջաններուն:
Փառք Աստուծոյ եւ փառք սուրիական բանակին, այսօր մենք հայերս կը վայելենք խաղաղութիւն եւ, ինչպէս նշեցիք զինուորական գործողութիւնները վաղուց աւարտած են։ Այսօր համերաշխութիւն, սէր եւ խաղաղութիւն կը տիրէ մեր շրջաններուն մէջ:
-Որո՞նք են Հալէպի մէջ առկայ դժուարութիւնները, ի՞նչ ոլորտներու մէջ են մանաւանդ այսօրուայ հալէպահայուն հոգերը, խնդինրեը:
Մինչ այսօր ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կրնանք ըսել, որ հայորդին, որ կ'ապրի Հալէպի մէջ արդէն սկսած է ոտքի կանգնիլ եւ թօթափել իր վրայէն պատերազմի հետքերը, սակայն պարզ է որ միաժամանակ ունի դժուարութիւններ, հոգեր, նեղութիւններ: Եթէ այս հարցին պիտի նայինք ընտանիքի հօր մը տեսանկիւնէ, պիտի նկատենք եւ տեսնենք, թէ ան կը տառապի անգործութենէ եւ իր ընտանիքի ապրուստը ապահովելու ծանր հոգէ, քանի որ Հալէպի մէջ ներկայիս անտանելի սղութիւն եւ անգործութիւն կայ։ Ընտանիքի հայր մը հաւանբար ունի նաեւ իր վնասուած տունը կամ գործատեղին վերականգնելու եւ քանդուածը վերանորոգելու հոգը, որովհետեւ դժուար է գտնել Հալէպի մէջ ապրող անձ մը, որ քանդուած կամ վնասուած գոյք մը չունենայ: Իսկ եթէ պիտի նայինք հայ երիտասարդին տեսանկիւնէն, ան ալ իր հերթին իր ստացած ուսման համապատասխան գործ գտնելու խնդիր ունի, կը տեսնենք, որ գործի լայնածաւալ ասպարէզներ չկան ներկայիս, իսկ անձնական գործ հիմնել փափաքողին նոյնպէս բաւականին դժուարութիւններ կը սպասեն:
-Որպէս երիտասարդ արհեստաւոր նոր հաստատութիւն մը հիմնած էք, արդեօք ինչքանո՞վ դժուար եղաւ նոր հաստատութիւն մը մէջտեղ բերելը: Ի՞նչ հարցեր դիմագրաւեցիք:
Ինչպէս որ բոլորս ալ գիտենք, նոր գործ մը սկսիլը ունի իր դժուարութիւնները, իր մարտահրաւէրները, իսկ պատերազմական շրջանէ անցած երկրի մը մէջ այդ դժուարութիւնները աւելի շեշտուած կ'ըլլան: Իմ փորձառութեանս մասին եթէ խօսիմ, կրման ըսել, իմ դիմագրաւած դժուարութիւններէս հիմնականը գործիս համար յարմար տեղ գտնելն էր, երկրորդը՝ այդ տեղին մէջ անհրաժեշտ նորոգութիւնները ընելը, պէտք եղած սարքաւորումներով ապահովելը, եւ այս բոլորը նիւթական միջոցներու կը կարօտի: Իսկ երրորդ դժուարութիւնը կարծեմ տոկալն ու համբերութեամբ սպասելն է այդ գործին յառաջդիմութեան եւ յաջողութեան:

-Պատերազմի ողջ տեւողութեան դուք եղաք անոնցմէ, որոնք չլքեցին Հալէպը: Ի՞նչն էր պատճառը, ո՞րն էր այն ուժը, որ ձեզի կապեց քաղաքին, մանաւանդ պատերազմի ծանր օրերուն:
Պատերազմի ծանր օրերուն մեր քաղաքին կառչած մնալու ուժը յոյսն էր, եւ յոյսը ինքնաբերաբար կը ծնի հաւատքէն, հաւատք-յոյս՝ առ Աստուած, հաւատք-յոյս՝ սուրիական բանակին, հաւատք՝ պետութեան իմաստութեան, եւ վերջապէս հաւատք եւ յոյս, որ ինչպէս ամէն բան սկիզբ ունի եւ վերջ, այս պատերազմն ալ սկիզբ ունեցաւ եւ վերջ պիտի ունենայ, եւ այս եղած սեւ ամպը անպայման պիտի վերանայ:
-Յաճախ կը լսենք, որ երիտասարդութեան թիւի նուազում կայ Հալէպի մէջ, ինչի՞ն կը վերագրես այդ մէկը եւ արդեօք այդ խնդիրը ինչպէ՞ս կարելի է լուծել:
Հայ երիտասարդութեան գաղթը կրնանք վերագրել քանի մը պատճառներու: Ինչպէս գիտենք, երիտասարդի մը հիմնական կեդրոնացումը ուղղուած կ'ըլլայ իր ապագան կերտելու, ամուր հիմքերու վրայ դնելու ջանքին, այս առումով պատերազմը մեծ հարուած մը եղաւ հայ երիտասարդին համար, ստեղծեց անգործութիւն, գործի առիթները մեծ տոկոսներով նուազեցան, բերաւ անապահովութիւն եւ այս մէկը պատճառ դարձաւ, որ հայ երիտասարդը իր ապագան կերտելու յոյսը ուրիշ երկիրներու մէջ փնտռէ եւ ստիպուած ըլլայ լքել իր քաղաքը:
-Շատեր կ'ըսեն, որ ընթացք առած է Հալէպի վերակառուցման գործընթացը: Ձեր կարծիքով ո՞ր ոլորտները պէտք է վերականգնուին, որպէսզի շօշափելի իրականութիւն դառնայ վերականգնուած Հալէպը:
Անշուշտ բոլոր ոլորտները կրկին վերակենդանացման կը կարօտին, բայց եթէ այսօր առաջնահերթութիւն մը պիտի դնենք, պէտք է որ վերականգնումը առաջին հերթին սկսի տնտեսական մարզէն ներս: Այն վայրերը, այն գործատեղիները, որոնց գործունէութիւնը պատերազմի պատճառով դադրած է, պէտք է կրկին աշխատին, որովհետեւ անոնց կրկին աշխատելով է որ տնտեսութեան զարկ պիտի տրուի եւ, բնականաբար, այդ մէկը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ մնացեալ ոլորտներու վերականգնման վրայ:
-Ինչպէ՞ս կը տեսնէք Հալէպի երիտասարդութեան ապագան եւ առհասարակ հալէպահայութեան ապագան Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս Հալէպի մէջ:
Ինչպէս որ գիտենք, հայը միշտ եղած է շինարար, աշխատասէր, հաւատարիմ իր ապրած երկրին, հետեւաբար հալէպահայութիւնը, եւ մասնաւորապէս հալէպահայ երիտասարդութիւնը այսօր հպարտացած իր հայու ինքնութեամբ, իր սրտին մէջ ունի այն յոյսը, հաւատաքը, ունի կամքն ու փափաքը մնալու իր ծննդավայրին մէջ, աւերուածը նորոգելու, քանդուածը ետ շինելու, եւ ես համոզուած եմ,որ այս առումով հալէպահայը երբեք չի կոտրուիր։
-Ի՞նչ ակնկալիքներ ունիք համայնքէն: Համայնքի ղեկավարութիւնը ի՞նչ պէտք է ընէ ձեր նման երիտասարդ գործարարներուն համար, որպէսզի կառչած մնան իրենց ծննդավայրին:
Այս հարցին մէկ բառով կ'ուզեմ պատասխանել՝ նիւթաբարոյեական աջակցութեան եւ քաջալերանքի կարիք։ Հալէպահայ երիտասարդը այսօր ամէնէն աւելի այս երկու կարեւոր տուեալներուն կարիքն ունի։