Խորհրդային Միութեան վերջին ղեկավար Միխայիլ Գորպաչով, ԱՄՆ-ի եւ անոր դաշնակիցներու կողմէ Սուրիոյ վրայ հրթիռարակոծումը նկարագրած է որպէս զօրավարժութիւն ՝նախքան իսկական յարձակման անցնիլը:
Գորպաչով Լաթվիայի «Լաթքոմ» ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է. «Կը կարծեմ, որ նմանատիպ յարձակումը եւ նման արդիւնքները ոեւէ մէկուն համար անիմաստ են, քանի որ այն աւելի շատ նման է իրական հրթիռարձակումներու մեկնարկման նախորդող վերապատրաստման: Սա ընդունելի չէ եւ ոչ մէկ նոր արդիւնքի պիտի յանգեցնէ»:
Յիշեցնենք, որ շաբաթ օր արեւածագին Սուրիան Ամերիկա-բրիտանական եւ ֆրանսական հրթիռներու թիրախ դարձաւ, որու ընթացքին շուրջ 35 հրթիռներ ինկած էին Սուրիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ: Սուրիոյ հակօդային պաշտպանական համակարգերը յաջողած են դէմ դնել եռակողմ դաշինքի հարուածներուն: