image

«Գնել էս- 400-ը Թուրքիայէն» Ամերիկացի ծերակուտականին առաջարկը

«Գնել էս- 400-ը Թուրքիայէն» Ամերիկացի ծերակուտականին առաջարկը

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու  ծերակոյտին  նախաձեռնութիւն ներկայացուած է հանրապետական  ծերակուտական Ճոն Թիւնի կողմէ, որուն մէջ կ'առաջարկուի պաշտպանութեան նախարարութեան թոյլատրել Թուրքիայէն գնել ռուսական էս-400 զենիթահրթիռային համակարգերը, հաղորդած է BBC-ին:

Այդ առաջարկը 2021 թուականի ազգային պաշտպանութեան համար պիւտճէի միջոցներու յատկացման մասին օրէնքի փոփոխութիւններէն մէկն է:

Անիկա ուժի մէջ կը մտնէ, եթէ ընդունուի Քոնկրէսի կողմէն եւ ստորագրուի Միացեալ  Նահանգներու նախագահի կողմէն:

Փոփոխութեան մէջ ըսուած է, որ այսպիսի գործարք կրնայ կնքուիլ այն պարագային, եթէ Թուրքիան պարտաւորութիւն ստանձնէ ձեռքբերուած միջոցները չծախսել սպառնազինութիւններ գնելու համար, որոնք ԱՄՆ-ը ՆԱԹՕ-ի համակարգերու հետ անհամատեղելի կը համարէ: