Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին նախաձեռնութիւն ներկայացուած է հանրապետական ծերակուտական Ճոն Թիւնի կողմէ, որուն մէջ կ'առաջարկուի պաշտպանութեան նախարարութեան թոյլատրել Թուրքիայէն գնել ռուսական էս-400 զենիթահրթիռային համակարգերը, հաղորդած է BBC-ին:
Այդ առաջարկը 2021 թուականի ազգային պաշտպանութեան համար պիւտճէի միջոցներու յատկացման մասին օրէնքի փոփոխութիւններէն մէկն է:
Անիկա ուժի մէջ կը մտնէ, եթէ ընդունուի Քոնկրէսի կողմէն եւ ստորագրուի Միացեալ Նահանգներու նախագահի կողմէն:
Փոփոխութեան մէջ ըսուած է, որ այսպիսի գործարք կրնայ կնքուիլ այն պարագային, եթէ Թուրքիան պարտաւորութիւն ստանձնէ ձեռքբերուած միջոցները չծախսել սպառնազինութիւններ գնելու համար, որոնք ԱՄՆ-ը ՆԱԹՕ-ի համակարգերու հետ անհամատեղելի կը համարէ: