Երեքշաբթի, 1 Յունուար, 2019
Մեր երկրին մէջ, տարին կը սկսի անփառունակ։ Սա իմ անձնական կարծիքս է։ Կապը կը կտրուի աշխարհին հետ։ Փողոցները կ’ամայանան։ Աշխատանքը կը դադրի։ Ազգովին կը բոլորուինք սեղաններու շուրջ եւ ուտելու ու խմելու կը նուիրուինք...
Գլխաւոր հեռատեսիլի կայանները կը դադրեցնեն իրենց լրատուական թողարկումները (թողարկել բառը հոս կը գործածուի արտադրել իմաստով եւ արեւմտահայ բառարաններուն մէջ գոյութիւն չունի)։ Սովորական եթերը կը փոխարինուի համերգներով, պարախումբերու ելոյթներով եւ հին ծրագիրներու վերահեռարձակմամբ։ Ճանապարհային վթարները կը բազմանան, օրերով բաց սեղանները երբեմն թունաւորումներու պատճառ կը դառնան, ալքոլի չարաշահումը երբեմն ծեծկռտուքներու, երբեմն ալ դանակահարութիւններու պատճառ կը դառնայ։ Մինչեւ Յունուարի 8-ը երկիրը կանգ կ’առնէ... Կը սիրենք մենք մեզ արարող ժողովուրդ անուանել, սակայն այս շրջանին արարող չկայ...
Անցեալ տարի, Հանրային հեռատեսիլի կայանը որոշեց կոտրել այս կարծրատիպը եւ չընդմիջեց լրատուութիւնը։ Գործադիրը որոշեց կրճատել ամանորեայ ոչ աշխատանքային օրերը այս տարուանէ սկսեալ, սակայն իշխանութեան փոփոխութեամբ այս նախաձեռնութիւնները չեղեալ համարուեցան եւ կրկին վերադարձանք առաջուան ձեւաչափին։
Թէ ինչ փոխուեցաւ մեր երկրին մէջ անցեալ տարուան ընթացքին, բոլորին յայտնի է։ Ունեցանք «թաւշեայ ոչ բռնի յեղափոխութիւն» եւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Թէ ինչ արդիւնքներ պիտի տան այս փոփոխութիւնները տակաւին կը մնան անորոշ... Մէկ բան ակնյայտ է։ Ժողովուրդին մէջ վերականգնուած է յոյսը։ Եթէ ասոր չի յաջորդէ հիասթափութիւնը, սա արդէն մեծ ձեռքբերում է։
Մեր գիւղին մէջ փոփոխութիւնները մեծ չէին։ Ունեցանք 18 ծնունդներ, (նախանցեալ տարի անոնք 20 էին)։ Անոնցմէ հինգը օտար անուններ ստացան (նախանցեալ տարի միայն երեքը օտար անուն ստացան)։ Հայկական անուններուն համար մեր տրամադրած խրախուսիչ յաւելագումարը անզօր է, մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն անուններով անուանակոչելու սովորութեան դիմաց։ Մշակոյթի նորոգուած տունը շարունակեց ծառայել գլխաւորաբար որպէս հոգեճաշերու կեդրոն։ Եղան քանի մը միջոցառումներ միայն... Գիւղի լուսաւորուած փողոցներու թիւը աւելցաւ։ Աղբահանութիւնը տակաւին կը մնայ անկանոն։ Գիւղի մանկապարտէզի շէնքը նորոգելու մեր ծրագիրները մնացին անկատար, գլխաւորաբար քաղաքական յարատեւ փոփոխութիւններուն պատճառաւ։ Մեր մարզպետը քանի մը անգամ փոխուեցաւ։ Հազիւ մէկ մարզպետի հետ խօսելու սկսած մէկ ուրիշը փոխարինեց զայն... Յոյսով ենք յաջորդ տարին աւելի բարենպաստ պայմաններ կը տրամադրէ մեզի...
Յաճախ կը գանգատինք մեր համագիւղացիներուն կողմէ նախաձեռնութեան պակասին՝ ի շահ գիւղին։ Պէտք է արձանագրեմ, որ երկրորդ տարին ըլլալով, անձնական նախաձեռնութեամբ լուսաւորուեցաւ Սուրբ Սարգիսի վանական համալիրը, տօներու առիթով։ Բլուրի գագաթին զայն լուսաւորուած տեսնելը հիանալի է, բայց մեզ խանդավառողը մեզի անծանօթ համագիւղացիի մը անձնական նախաձեռնութեան ոգին է...
Անձնական գետնի վրայ, մեր թոռներուն թիւը աւելցաւ հինգի։ Ուրախութեամբ ողջունեցինք մեր հինգերորդ թոռնուհին՝ Սեւանը։ Տակաւին անձամբ զինք տեսնելու բախտին չենք արժանացած սակայն նկարները, տեսերիզներն ու համացանցային ուղիղ կապերը մասամբ կը մեղմեն մեր կարօտը։ Մեր տղաները իրենց աշխատանքին մէջ յաջողութիւններ արձանագրեցին ուրախացնելով մեզ։ Ընդհանրապէս առողջ եւ անամպ անցուցինք տարին...
Կը կարդամ, որ այսօր Խաղաղութեան համաշխարհային օրն է, «Ներիր եւ ձեռք կը բերես խաղաղութիւն» նշանաբանով։ Ներելու համար սակայն հարկաւոր չէ՞ յանցանքի ընդունումը ներուող կողմէն...
Չորեքշաբթի, 2 Յունուար, 2019
Երէկ վարորդ Հրայրը այցելեց մեզի, շնորհաւորեց մեր Նոր Տարին եւ հրաւիրեց մեզ իրենց տունը։ Այսօր, կէսօրէն ետք, իրենց այցելութեան կ’երթանք՝ Աշտարակ։
Այս տան մթնոլորտը ոչ միայն ջերմ է, այլ ջերմացնող։ Ընտանիքով կ’աշխատին կայանալու եւ աւելի լաւ ապագայի մը համար։ Համերաշխութիւնը, աշխատասիրութիւնը եւ համբերութիւնը, ինչպէս նաեւ իրենց միջոցները իմաստուն կերպով օգտագործելու կամքը բարեկեցիկ ընտանիքի մը վերածած են զիրենք։ Իրենց տունը անցեալ տարի նորոգեցին, այս տարի ալ վերակահաւորած են։ Մարաթը՝ Հրայրի հայրը միայն մէկ գանգատ ունի։ Կ’ուզէ որ զաւակները ամուսնանան եւ թոռներ պարգեւեն իրեն... Հաճելի յետմիջօրէ մը կ’անցընենք։
Հինգշաբթի, 3 Յունուար, 2019
Արդէն գիտենք, որ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն միջեւ ինկած ժամանակահատուածի ընթացքին մթերային գնումներ իրականացնելը դժուար է... Հատ ու կենտ խանութներ միայն բաց են եւ անոնք ալ անցեալ տարուանէն մնացած միրգն ու բանջարեղէնը կ’առաջարկեն։ Խթման սեղանին համար հարկ եղածը արդէն ձեռք ձգած եմ, սակայն քանի մը պարագայի պէտք ունիմ։ Աշտարակ կ’իջնենք այդ նպատակաւ։ Հրապարակէն ոչ հեռու, շէնքերու ետին բակի մը մէջ, միրգ եւ բանջարեղէն ծախող մը յայտնաբերեցինք անցեալ շաբաթ։ Մեր համագիւղացիները յուշեցին, որ այս խանութը պրաս (leeks) կը ծախէ։ Այս բանջարեղէնը լայն գործածութիւն չունի հոս եւ հազուադէպօրէն կը յայտնուի շուկան։ Ըստ երեւոյթին այս խանութի տէրերը իրենք կ’աճեցնեն զայն։ Մեծ մօրս խոհանոցին մաս կը կազմէր «շուէյտիզ» անունով ապուր մը, որ այս բանջարեղէնով կը պատրաստուի։ Ձմեռը հաճելի ուտեստ է։ Պրասի պատճառաւ այս բանջարեղէնի խանութը սիրելի դարձաւ մեզի։ Ի դէպ, հանրային հեռատեսիլի կայանէն հեռարձակուող ճաշեր պատրաստելու մէկ ծրագրէն այս բանջարեղէնին տուին սոխ սարզի կամ սոխ սալզի անունը, վստահ չեմ, որ մէկը, բայց բառարանային եւ համացանցային պրպտումներս այս անուանումը չգտան...
Ակնկալուածին նման, այս բանջարեղէնի խանութն ալ միայն անցեալ տարուանէն մնացած միրգ եւ բանջարեղէն ունի... Հոսկէ կ’երթանք Աշտարակ գերշուկան...
Դրամարկղին առջեւ հերթ կայ։ Կը նկատեմ սակայն, որ գրեթէ բոլոր յաճախորդները ալքոհոլային խմիչք մը (գինի, օղի կամ Կոնեակ) եւ տուփ մը շոքոլայ կը գնեն... Այցելութիւններու եղանակն է եւ առանց անոնց ինչպէ՞ս հիւր երթալ...
Ուրբաթ, 4 Յունուար, 2019
Կրկին խոհանոց կը մտնեմ, այս անգամ պատրաստելու խթման համար նախատեսուած ճաշեր։ Մեր ընտանեկան աւանդոյթը պահելը էական է ինծի համար։ Թորոնթոյի մէջ, հարսերս ալ կը շարունակեն այս աւանդոյթը եւ խթման գիշերը կը հաւաքուին մեծ մօրմէս եկած ճաշատեսակները միասնաբար ճաշակելու...
Շաբաթ, 5 Յունուար, 2019
Ժամը հինգին մեր խթման սեղանը պատրաստ է։ Մեր հիւրերը կը հասնին ժամանակին։ Յանկարծ կ’անդրադառնամ, որ սեղանին շուրջ բոլորուած 12 հոգիներէն վեցը 70 տարեկանէն վեր են։ Անոնցմէ հինգը՝ ութսուն տարեկանէն վեր են։ Մէկը՝ ինիսունը բոլորած է արդէն։ Հետաքրքրականը այն է, որ բոլորն ալ առոյգ են, պայծառամիտ եւ շարժուն։ Օրհնուած սեղան մը իսկապէս։
Վալդերը եւ Լաուրան կանուխ կը հեռանան, որովհետեւ «զատիկ» ունին։ Այսինքն, քանի մը ամիս առաջ մահացած իրենց քաւորի մօր հոգեճաշին պէտք է ներկայ ըլլան... Յոյսով եմ, ժամանակի ընթացքին եկեղեցական տաղաւար տօները կը ստանան իրենց բուն իմաստը եւ կը տարանջատուին մահուան հետ զուգորդուելէ...
Հաճելի երեկոյ մը կ’անցնենք։
Կիրակի, 6 Յունուար, 2019
Այսօր Յովանավանք կ’երթանք Սուրբ Ծննդեան պատարագին ներկայ ըլլալու։ Սակայն ափսոս, մոմավաճառը կը տեղեկացնէ, որ այդ պատարագը մէկ գիշեր առաջ տեղի ունեցած է եւ մեր քահանան այսօր Բիւրականի մէջ կը պատարագէ... Երբ կը գանգատիմ, որ երէկ ճրագալոյց էր եւ ոչ թէ Ծնունդ, կը պատասխանէ, որ նոյնիսկ ջրօրհնէքը երէկ գիշեր ըրած են... Թորոնթոյի մէջ, ուր Յունուարի 6-ը աշխատանքային օր է, մեր հայկական եկեղեցին խռնուած կ’ըլլայ հաւատացեալներով, իսկ հոս, Սուրբ Ծննդեան օրը, Յովանավանքի նման պատմական գործող եկեղեցի մը, դատարկ է... Արդեօք կղերականներու պակասի արդիւնք է, այս թէ հաւատացեալներու չգոյութեան...
Հատ ու կենտ մարդիկ կը մտնեն եկեղեցի, մոմ կը վառեն, քանի մը րոպէ կը յամենան եւ կը մեկնին... Հիասթափուած կը վերադառնանք տուն։
Կը հասնին Թորոնթոյի մէջ հարսերուս կազմակերպած խթման ընթրիքի նկարները։ Ինծի համար ամէնէն յատկանշականը կարճ տեսերիզ մըն է, երբ եկեղեցւոյ կողմէ Աւետիսի եկած խումբը մոմեր եւ շարականներուն բառերը կը բաժնէ ներկաներուն եւ հինգ տարեկան աւագ թոռնուհիս՝ Նայիրան եւ երկրորդ թոռնուհիս՝ երեք տարեկան Դուինը, մոմերը բռնած կը ջանան հետեւիլ երգեցողութեան, կեդրոնացած նայելով շարականներու բառերուն...
Ափսոս, հոս Աւետիսի եկող չկայ... շատ տարիներ առաջ, երբ դեռ նոր էինք Ուշիի մէջ, Մարգարը փորձ մը ըրաւ հիմա արդէն մայր ու հայր դարձած «մեր» երախաներուն Աւետիսի երգեր սորվեցնելու եւ խթման գիշերը Աւետիսի երթալու։ Մեր հարեւանները բացատրեցին, որ կարելի չէ, որովհետեւ, այդ գիշեր, անցեալ տարուան ընթացքին մահացածներուն «Զատիկ»ն է, եւ ցնծութեան երգերը պիտի խանգարեն անոնց սուգը... Թէ ինչպէս եւ երբ Սուրբ Ծնունդը զուգորդուած է մահուան հետ եւ երբ «զատիկ» բառը ստացած է մեռելներու յիշատակում, արժէ ուսումնասիրել... «Զատիկի են գնում», կամ «այսօր հինգ զատիկ ունեմ», նախադասութիւններուն մէջ, զատիկ բառը կը նշանակէ՝ հոգեճաշ...
Երկուշաբթի, 7 Յունուար, 2019
Մեռելոց է եւ կրկին օրը աշխատանքային չէ։ Մինչ խթման եւ Սուրբ Ծնունդի օրերը անցեալ տարուան ընթացքին մեռնողներուն յատկացուած էին, այսօր գերեզմաններ կ’այցելեն մահացած հարազատներու շիրիմներուն, առանց ժամանակային սահմանափակումներու։ Հարեւան Սոնիկը երբ առաւօտեան կաթ կը բերէ, կ’ըսէ, որ այսօր իր ծնողներուն շիրիմները պիտի այցելէ, եւ որ շաբաթ օր իր վերջերս մահացած մօրաքրոջը շիրիմը այցելած է արդէն...
Հեռատեսիլը վերադարձաւ իր սովորական կշռոյթին։ Այսօր վերջապէս սկսան լրատուական հաղորդումները։ Յուսով եմ շուտով կեանքը կը վերադառնայ իր բնականոն հունին։
Երեքշաբթի, 8 Յունուար, 2019
Վալդերին տարեդարձն է։ Կէսօրէն ետք կը հանդիպինք շնորհաւորելու։ Մեր գիւղին մէջ այս շաբաթ երկու մահեր տեղի ունեցան։ Վալդերը, որպէս Մշակոյթի տան պատասխանատու զբաղ էր այդ մահերուն հետ կապուած հոգեճաշերու կազմակերպութեամբ։ Զգուշացուցած են իրենց գիւղէն դուրս ազգականները, որ այսօր կարելի պիտի չըլլայ նշել տարեդարձը...Տուն կը հասնի յոգնած...
Այս տարի տակաւին ծնունդներ չարձանագրուեցան մեր գիւղին մէջ։
Չորեքշաբթի, 9 Յունուար, 2019
Լեռնային մեր երկրին մէջ, ձմեռը՝ ամէնօրեայ լուրերուն մաս կը կազմեն սառուցակալած, փակուած կամ սաստիկ բուքի ենթարկուած ճամբաները։ Յաճախ կը խօսուի զանազան դժուարանցելի ճամբաներու մասին կամ փակուած լեռնանցքներու մասին։ Մեր մօտ թեթեւ կը ձիւնէ միայն...
Հինգշաբթի, 10 Յունուար, 2019
Այս առաւօտ Արարատը կրկին հիանալի էր։ Արեւի լոյսի խաղերը այն տպաւորութիւնը կը ձգէին, որ եթէ ճեղքենք մեր դիմացի այգին, արդէն անոր փէշերուն կը յայտնուինք։ Այսքան մօտ եւ այնքան հեռու է մեր սրբազան լեռը...
Կէսօրին, Տալմա շուկայի ճաշարաններէն մէկուն պատուհանէն բացուող զոյգ Մասիսներու տեսարանը կը շարունակէ հիացնել մեզ։ Անոնք ամբողջութեամբ ձիւնապատ են, սպիտակ եւ պսպղուն։ Այսօր եղանակը չափազանց պայծառ է, թէեւ ցուրտ։
Նոր ընտրուած Ազգային ժողովի պատգամաւորները այսօր ստանձնեցին իրենց «մանդատ»ները (mandates)։ Չեմ գիտեր ինչո՞ւ այս բառը տեղ գտած է մեր քաղաքական բառամթերքին մէջ։ Ըստ ինծի կարելի է գործածել իրաւասութիւն կամ յանձնառութիւն բառերէն մէկը։ Առաջինը աւելի ճշգրիտ է, իսկ երկրորդը իմ սրտիս աւելի մօտիկ...
Ուրբաթ, 11 Յունուար, 2019
Որոշած էի միջազգային օրերուն այլեւս չանդրադառնալ։ Ամէն ինչի համար միջազգային օր նշանակուած է... Այս միտումը քիչ մը ծիծաղելի կը գտնեմ...Սակայն այսօր, կը կարդամ, որ միջազգային շնորհակալութեան օրն է։ Սա արդէն ծիծաղելի չէ ինծի համար։ Շնորհակալութիւն յայտնելու մշակոյթը ըստ ինծի շատ պէտք է մեր երկրին։ Տարիներ առաջ, երբ մեր գիւղի երախաները պաղպաղակ ուտելու տարած էինք, անոնցմէ ամէնէն փոքրը ընդօրինակելով մեր վարքը, մատուցողին շնորհակալութիւն յայտնեց եւ արժանացաւ միւսներուն կոկորդալից ծիծաղին։ Անցեալ տասը տարիներուն քիչ քիչ շնորհակալութիւն յայտնելու մշակոյթը տեղ գտաւ մեր կենցաղին մէջ, բայց տակաւին ճամբայ ունինք կտրելիք...Շնորհակալութիւն յայտնելը, ժպիտի նման, ոչ մէկ բան կ’արժէ մատուցողին, բայց անոր թիրախին կը պատճառէ ուրախութիւն եւ գնահատուած ըլլալու զգացում։
Շաբաթ, 12 Յունուար, 2019
Նոր տարի, կայքէջերու նոր ձեւաւորում... Հակառակ, որ ոմանք զգալիօրէն բարելաւուած են, փոփոխութիւնները կը նեղացնեն զիս։ Հազիւ կ’ընտելանաս կայքէջ մը նաւարկելու եւ ուզածդ հեշտութեամբ գտնելու գործընթացին, կամ տէրերը կը փոխուին կամ զանոնք կառավարողները... Նոյնն է պարագան գերշուկաներուն մէջ։ Հազիւ կը սորվիս, որ որ անկիւնը ինչ կը գտնուի, տեղերը կը փոխեն...
Փոփոխութիւնը քսան եւ քսանմէկերորդ դարերու ամէնէն յատկանշական արտայայտութիւն է եւ անկէ խուսափիլ կարելի չէ, սակայն երբ փոփոխութիւնը քմահաճ է եւ չի ծառայեր նպատակի մը, տհաճ կը դառնայ...
Պէտք է արձանագրեմ սակայն լրատուական tert.am կայքի արմատական փոփոխութիւնը։ Կը պատրաստուէի լքել զայն, որպէս լրատուական աղբիւր, որովհետեւ գովազդները, աջէն, ձախէն, վերէն եւ վարէն կը խճողէին լուրերը։ Արտահերթ ընտրութիւններու ընթացքին, ասոնց աւելացան Հանրապետական կուսակցութեան գովազդները, որոնք յանկարծ կը ցատկէին պարբերութիւն մը կարդացած ժամանակ եւ կը պարտաւորեցնէին ետ եւ առաջ երթալ գտնելու վերջին կարդացած նախադասութիւնդ։ Յանկարծ կարդացի որ չորս հանրապետական նախկին պատգամաւորներ գնած են զայն, հեռատեսիլի եւ ռատիոյի ալիքներու հետ միասին։ Չ’ըսուիր թէ ինչ միջոցներով... Նշուած հեռատեսիլի կայանի եւ ռատիոկայանի հետեւորդ չեմ եւ չեմ կրնար խօսիլ հոն եղած փոփոխութիւններու մասին, սակայն այս լրատուական կայքէջը յանկարծ ձերբազատուեցաւ նիարդացնող գովազդներէն եւ դարձաւ հաճելի... Չեմ գիտեր որ այս փոփոխութիւնը ժամանակաւոր է թէ հիմնական... Հետաքրքրական պիտի ըլլայ նաեւ տեսնել թէ անոր պարունակութիւնը եւ աշխարհահայեացքը որքանով պիտի փոխուի, նկատի ունենալով, որ նոր սեփականատէրերը յայտարարեցին, որ իրենց քաղաքական գործունէութիւնը պիտի ծաւալեն իրենց ձեռք բերած լրատուամիջոցներու միջոցաւ...
Կիրակի, 13 Յունուար, 2019
Տօներու թոհուբոհէն ետք տիրող անդորրը սկսաւ ձանձրացնել մեզ։ Ընկերուհիս Հիլտային նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով, կէսօրին, հարեւաններով Հին Աշտարակ ճաշարանը կ’երթանք։ Նպատակը միօրինակութենէն դուրս գալն է։ Դեղատոմսը ճիշդ ընտրուած է... Այս հայկական մթնոլորտին մէջ, կրակարանը կը ճարճատէ, բացառապէս հայկակն մեղեդիները մեղմ կը հնչեն եւ հայկական հիւրասիրութիւնը, թէկուզ միջին արեւելեան ճաշատեսակներով, ջերմացնող եւ ոգեշնչող է։
Երկուշաբթի, 14 Յունուար, 2019
Այս առաւօտ մեր նախագահը ստորագրեց, խորհրդարանական մեծամասնութեան առաջարկած վարչապետի թեկնածուի նշանակման հրամանագիրը, ըստ սահմանադրութեան։ Նիկոլ Փաշինեանը կրկին դարձաւ վարչապետ։
Նորընտիր Ազգային Ժողովը գումարեց իր առաջին նիստը։ Ըստ սահմանադրութեան, ժողովը վարեց ամէնէն աւագ պատգամաւորը՝ Կնեազ Հասանովը, որ քիւրտ համայնքի ներկայացուցիչն է։ Չեմ կրնար ձերբազատուիլ այն մտքէն, թէ արդեօ՞ք անոր նախնիները եւս մաս կազմած են Մեծ Եղեռնի վայրագութիւններուն...
Նիստը կը հեռարձակեն քանի մը հեռատեսիլի կայաններ։ Երբ կը հնչէ մեր երկրի օրհներգը, ամէնքը ոտքի կ’ելլեն, սակայն չեմ նկատեր որ ոեւէ մէկը կը ձայնակցի անոր... Նոյնիսկ մեր նախագահը, որուն մասին շատ դրական կարծիք ունիմ, եւ որուն արտայայտած մտքերը կը համընկնին իմ մօտեցումներուս, շրթները չի շարժեր... Արդեօ՞ք մեր ոգերգին ձայնակցիլը մեր մշակոյթին մաս չի կազմեր... Արդեօ՞ք արեւմտեան սովորոյթներէն կը բխի իմ այն միտքը, որ երկրի օրհներգին ձայնակցիլը երկրի հանդէպ հաւատքի եւ հայրենասիրութեան դրսեւորում է... Քանի՞ հոգի գիտեն մեր օրհներգի բառերը...
Նիստը կ’անցնի առանց մեծ անակնկալներու։ Երբ իշխող կուսակցութիւնը ունի բացարձակ մեծամասնութիւն, արդիւնքները միշտ ակնկալելի են... Գրեթէ միաձայնութեամբ կ’ընտրուին Ազգային Ժողովի նախագահը եւ երկու փոխ նախագահները, որոնք իշխող մեծամասնութեան կողմէ առաջարկուած են։ Ժողովը կը դառնայ հետաքրքրական երբ հերթը կու գայ ընտրելու երրորդ փոխ նախագահը, որը պէտք է առաջարկէ ընդդիմութիւնը։ Կան երկու առաջարկներ, երկու խորհրդարանական ընդդիմադիր ոյժերուն կողմէ։ Որոշիչ քուէն միշտ խորհրդարանական մեծամասնութեանն է, որոնք արդէն յայտարարած են, որ պիտի աջակցին ընդդիմադիրներէն աւելի մեծ մասնակցութիւն ունեցող կուսակցութեան՝ Բարգաւաճ Հայաստանին։ Սակայն սա պատճառ չի դառնար, որ մեծութեամբ երկրորդ ընդդիմադիր կուսակցութիւնը՝ Լուսաւոր Հայաստանը չի պայքարի իր թեկնածուի համար։ Դեր եւ դէմ ելոյթները, փոքր բացառութիւններով, կը գտնեմ հասուն եւ փաստարկուած։ Կը հիանամ ոմանց արտայայտուելու փայլուն կարողութիւններուն վրայ։ Ընտրութիւնը յաջորդ օրուան կը յետաձգեն...
Երեքշաբթի, 15 Յունուար, 2019
Անշուշտ, Լուսաւոր Հայաստան կուսակցութեան մաքառումները, խորհրդարանի երրորդ փոխ նախագահի համար, ի դերեւ անցան։ Ընտրուեցաւ Բարգաւաճ Հայաստանի թեկնածուն... Նոր եւ երիտասարդ խորհրդականները քուէարկեցին ոչ թէ իրենց փափաքած թեկնածուին այլ իրենց կուսակցութեան գծին համեմատ... Չեմ գիտեր ինչո՞ւ, աւելի յեղափոխական դրսեւորում կ’ակընկալէի... (same old, same old, կ’ըսեն անգլերէնով)։
Կէսօրուան մօտ, հարս Սուսանը մեզ ճաշի կը հրաւիրէ։ Արդէն օճախին վրայ եփող մեր ճաշը պիտի դառնայ մեր վաղուան ճաշը... Սուսանը շատ համով «պերաշկի» կը պատրաստէ։ Այս ռուսական ճաշատեսակը մեր ճաշացանկին վրայ չէ, ուստի ամէն անգամ որ պատրաստէ, իմանալով որ մեզի համար ալ ախորժալի է ան, մեզի ճաշի կը հրաւիրէ... Համեմուած գետնախնձորի (հոս , պիտի ըսէին կարտոֆիլի) լցօնով այս խմորեղէնը տապկուած է։ Սուսանը ամրան հաւաքուած եւ սառցարանին մէջ պահուած սիբեխի եւ հաւկիթի տապկոց ալ պատրաստած է։ Կայ նաեւ տնական հորած պանիր եւ վառարանին մէջ պատրաստուած թարմ հաց։ Հարեւաններով կը նստինք իրենց խոհանոցին մէջ ճարճատող վառարանին կողքին եւ կ’ուտենք, կը խմենք եւ կը զրուցենք...
![]()
Չորեքշաբթի, 16 Յունուար, 2019
Մեր համայնապատկերը կը մնայ սպիտակ։ Քանի մը օր առաջ տեղացած ձիւնը չհալեցաւ։ Այս ձմեռը աւելի խիստ է քան անցեալ ձմեռը։
Թերեւս ի զուր են այն յոյսերը որ կը տածեմ ժամանակի ընթացքին քաղաքականապէս կայացած երկիր մը ունենալու համար։ Շատոնց կայացած երկիրներ, ինչպիսին են Անգլիան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ Գերմանիան այս օրերուն ուժգին քաղաքական ցնցումներու մէջ են։ Որքան խօսինք խաղաղութեան, համերաշխութեան եւ հանդուրժողութեան մասին, այնքան աւելի կ’արմատանան դիմակայութիւնները, անհամաձայնութիւնը եւ անհանդուրժողութիւնը։
Մեր խորհրդարանը անհանդարտ է։ Վէճեր, մեղադրանքներ, անձնաւորուած յարձակումներ։ Մնայուն խորհրդարանական յանձնաժողովներու նախագահները դեռ չընտրուեցան, սակայն նախկին երկու փոխվարչապետները վերանշանակուեցան։
Այսօր օրը անցուցինք այժմ երեւանցի Անիին հետ, որ մեզի այցելութեան եկած էր։ Անոնք, որոնք մէկէ աւելի երկիրներու մէջ ապրած չեն, չեն կրնար գնահատել այն յարմարեցումները, փոխարկումները եւ փոփոխութիւնները, որ հարկաւոր են խոհանոցին մէջ, ընտանի ճաշեր պատրաստելու ժամանակ։ Կը փոխանակենք մեր փորձառութիւնները եւ գիւտերը, մեզի ծանօթ ճաշատեսակներու յարմարեցուած տարբերակները պատրաստելու համար...
Հինգշաբթի, 17 Յունուար, 2019
Աշտարակի հրապարակէն ոչ շատ հեռու, մայթին վրայ, փոքր կրպակի մը մէջ ժամագործ մը կայ, որուն կը դիմեմ ամէն անգամ որ ժամացոյցիս մարտկոցը (battery) փոխելու ժամանակը հասնի։ Երէկ սակայն, աւելի լուրջ հարցով մը դիմեցի իրեն։ Քսաներեք տարեկան, սակայն զգացական իմաստ ունեցող ժամացոյցս տան աստիճաններէն վար իջած ատենս ամբողջ յարկ մը գահավիժեցաւ եւ դադրեցաւ աշխատելէ... Այսօր կրկին պիտի այցելեմ իրեն, տեսնելու թէ արդեօք յաջողեցա՞ւ նորոգել զայն... Հարեւան Սուսանը եւ աչազուրկ ամուսինը՝ Կորիւնը եւս կ’ուզեն Աշտարակ իջնել, իրենց համակարգիչին հետ կապուած հարցեր լուծելու։ Միասին կ’իջնենք Աշտարակ։
Ժամագործը յաջողած է նորոգել ժամացոյցս, բայց ամչնալով, յանցաւորի նման շատ փոքր գումար կը պահանջէ անոր համար, աւելցնելով, որ եթէ ուզեմ աւելի պակաս ալ կրնամ վճարել... Ահաւասիկ մարդ մը, որ մեր խօսակցութենէն բնիկ չըլլալը կռահելով հանդերձ մեզի օգտագործելու ոչ մէկ փափաք ունի... Նման մարդիկ, որոնք չեն վարակուած ընչաքաղցութեամբ գոյութիւն ունին եւ կը ջերմացնեն մեր հոգիները...
Կ’անցնինք Ucom համացանցային սպասարկութեամբ զբաղուող ընկերութեան գրասենեակը, ուր կը լուծեն Սուսանի եւ Կորիւնի հարցերը։ Պաշտօնեաները այնքան հեզահամբոյր են եւ քաղաքավարի, որ Կորիւնը ապշած է։ Անոնք ոչ միայն կը կարգաւորեն համակարգիչը այլ եւ իրեն կ’ընկերանան մինչեւ ինքնաշարժը... Կորիւնը հազուադէպօրէն տունէն դուրս կ’ելլէ եւ առիթը չունի ականատեսը ըլլալու սպասարկման կէտերու քաղաքավարի եւ ազնիւ վերաբերմունքին եւ հաւանաբար խորհրդային օրերու կոպիտ վերաբերմունքին վարժ է։ Ամբողջ վերադարձի ընթացքին կը գովէ սպասարկման կէտի պաշտօնեաները եւ իր զարմանքը կը յայտնէ։ Կ’ուզէ որ յաջորդ Աշտարակ երթալնուս, անպայման իր այգիի խնձորներէն ուղարկէ իրենց...
Վարորդ Հրայրէն խնդրած էինք, որ Երեւանէն մեր բարեկամներէն մէկուն Գանատայէն բերած ծրարը ստանձնէ եւ մեզի բերէ։ Այսօր կը բերէ զայն եւ կը մերժէ որեւէ վարձատրութիւն վերցնել անոր համար։ Արդէն Երեւան իջած էի,- կ’ըսէ։ Երեւի այսօր յատուկ մեր լաւատեսութեան զարկ տալու եւ յոյսով լեցուելու օր է։ Մեր բոլոր յարաբերութիւնները զանազան մարդոց հետ շատ դրական եւ խանդավառիչ են...
Ուրբաթ, 18 Յունուար, 2019
Freedom House միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը իր 2018-ի զեկոյցին մէջ Հայաստանի համացանցային ազատութիւնը դասակարգած է որպէս՝ ազատ, նախկինի մասամբ ազատ դասակարգման փոխարէն։ Մեր տարածաշրջանին մէջ միայն Վրաստանը եւս ունի նման դասակարգում, մնացեալները կամ մասամբ ազատ կամ ոչ ազատ դասակարգուած են...
11 խորհրդարանական յանձնաժողովներու նախագահները ընտրուեցան խորհրդարանին կողմէ, երկար քննարկումներէ ետք։ Ամէն պաշտօնի համար միայն մէկ թեկնածու կար, սակայն ան պատճառ չդարձաւ, որ քուէարկութենէն առաջ ամէն թեկնածուի մօտեցումները մանրակրկիտ չքննարկուին...
ՀՀ երկրորդ նախագահ՝ Ռոբերտ Քոչարեանի կալանքը գրաւով փոխարինելու իր պաշտպաններու դիմումը մերժուեցաւ։ Ան մնաց կալանքի տակ։ Հետախուզութիւն յայտարարուեցաւ նախկին բնապահպանութեան նախարարը կալանաւորելու համար։ Նախկին ոստիկանապետի մը նոր մեղադրանք առաջադրուած է։ Մեղադրանքներէն ոմանք կաշառակերութեան հետ կապ ունին, ուրիշներ աւելի մշուշոտ լիազօրութիւնները չարաշահելու մասին են։ Ինծի կը թուի, որ պետական պաշտօն ստանձնելը վտանգաւոր դարձած է մեր երկրին մէջ։
Այսօր եղբօրմէս նամակ մը կը ստանամ, որ ուշադրութիւնս կը հրաւիրէ
Լեզուի կոմիտէի հրատարակած երկու յորդորակներուն վրայ, խուսափելու հայերէն ընդունելի համարժէքներ ունեցող օտար բառերու գործածութենէն։ Առաջինը կազմուած է 50 բառերէ եւ հրատարակուած Դեկտեմբերի 26-ին, իսկ երկրորդը 40 բառերէ եւ հրատարակուած Յունուարի 18-ին։ Զանոնք կը գտնեմ երկու լրատուական կայքէջերուն վրայ միայն, (հաւանաբար ուրիշներ ալ կան) սակայն այն գլխաւոր կայքէջերը, որոնց կը հետեւիմ, չեն անդրադառնար այս յորդորակներուն... Համացանցին վրայ կը գտնեմ Լեզուի Կոմիտէի դիմատետրեան (facebook) էջը, ուր այս բառերը հրատարակուած են, սակայն չկայ տեղեկութիւն, թէ արդե՞օք անոնք ուղարկուա՞ծ են լրատուամիջոցներուն եւ քաղաքական դէմքերուն։
Այս բառերու հրատարակութենէն քանի մը օր ետք մեր վարչապետը օգտագործեց կարկաս (carcass), բառը փոխանակ առաջարկուած՝ կմախքին։
Իմ համեստ եւ ոչ մասնագիտական կարծիքովս, Լեզուի Կոմիտէի նպատակներէն մէկը պէտք է ըլլայ, ոչ միայն օտար բառերու համարժէք գոյութիւն ունեցող բառերու առաջարկը այլ հարկ եղած պարագային նոր բառեր ստեղծելու պարտականութիւնը։ Զանոնք Դիմատետրեան էջին վրայ դնելը բոլորովին անբաւարար է։ Լրատուամիջոցները, քաղաքական գործիչները եւ մտաւորականները ըստ ինծի պէտք է ուղղակի ստանան զանոնք։ Առաջարկ բառն ալ շատ թեթեւ է։ Զայն պահանջարկի պէտք է փոխել... Տարիներ առաջ, Թորոնթոյի անգլիալեզու օրաթերթերէն մէկուն մէջ յօդուած մը կարդացած եմ պալթեան երկիրներէն մէկուն մասին (հիմա չեմ յիշեր որ մէկուն), ուր ամէն ամիս լեզուի անաղարտութեամբ զբաղուող խումբը, 10 բառ կը ղրկէր լրատուամիջոցներուն, համարժէք ռուսական բառերը փոխարինելու պահանջով։ Ըստ այս յօդուածին, մի քանի ամսուան ընթացքին, նոր բառը կը փոխարինէր օտարը, երկրի առօրեային մէջ... Ահա այսպիսի համակարգի մը պէտք ունինք, օտարաբանութիւններէն ձերբազատուելու համար։
Կայքէջին վրայ նկատելի է, որ շեշտը դրուած է քերականութեան եւ կէտադրութեան վրայ։ Օրինակ, Կոմիտէն կը յորդորէ երկու նախադասութիւնները իրար շաղկապող «եւ»էն առաջ դնել ստորակէտ, եթէ նախադասութիւններու ենթակաները տարբեր են... Ըսելիք չունիմ, օրէնքը օրէնք է եւ պէտք է յարգուի, սակայն կը կարծեմ, որ ստորակէտերուն տեղերը ճշդելէ առաջ շատ բան ունինք ընելիք... Բերուած օրինակին մէջ կայ մանդատ բառը, որուն կոմիտէն բացարձակ չ’անդրադառնար... Վերոյիշեալ յորդորակները առաջինը կը թուին ըլլալ բառամթերքի տեսակէտէն։ Կրկին իմ ոչ մասնագիտական կարծիքովս, պատճառ չկայ, որ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի բառամթերքները 100 տոկոս չհամընկնին... Օտարաբանութիւնները գլխաւոր խոչընդոտներն են...Ուստի, ողջունելով հանդերձ Լեզուի Կոմիտէի օտարաբանութիւններուն անդրադարձը պիտի փափաքէի որ ան անցնի յորդորողի դերէն պահանջողի դերին։ Հաւանական է, որ այս իրաւասութիւնը Կոմիտէն ներկայիս չունի։ Բայց կարելի է այդ մէկը փոխել եթէ լուրջ են մեր մտահոգութիւնները անաղարտ հայերէնի համար։ Կարելի է սկսիլ պաշտօնական անուանումներէ։ Մեր 12 նախարարութիւններուն չորսին անունները օտար բառեր կը պարունակեն,- Տրանսպորտ, տեխնոլոգիա, ֆինանս եւ սոցիալական։ Նախորդ կառավարութեան օրօք, էկոնոմիկայի նախարարութիւնը փոխեց իր անունը եւ էկոնոմիկան դուրս մնաց, թէեւ այդ փոփոխութիւնը լեզուական նկատառումներով չէր։ Ազգային Ժողովի 11 մշտական յանձնաժողովներու անուանումներուն մէջ կան վեց օտար բառեր,- սոցիալական, սպորտ, ինտեգրման (2 անգամ), ֆինանսավարկային եւ բյուջետ։ Կը խուսափիմ առաջարկներս ընելէ, զայն թողելով մասնագետնեուն...
Կոմիտէի յաջորդ ցանկին համար պիտի ուզէի առաջարկել, մանդատ, օպտիմալացում, ֆինանս, անոնս, ֆիքսել, ֆերմեր, դեբատ, իմիտացիա, գազար, շտաբ, գատր, էկրան, մաղատանոս, իմիջ, ագրարային (այս անուանումով համալսարան ալ գոյութիւն ունի), ֆակուլտետ, դեկան, ռեկտոր, էներկիա, տեխնոլոգիա, հոսպիտալ, դերոպատ, ակցիա, կոռեկտ, դեկրատացիա, դիալոկ, բրոտուկդ, սիլէկտիւ եւ շատ մը այլ բառեր...
Այսօր կը նշուի Պաքուի ջարդերու 29-երորդ տարելիցը։ Մազապուրծ փախած մարդիկ կրկին կը պատմեն իրենց ահաւոր պատմութիւնները...
Շաբաթ, 19 Յունուար, 2019
Եղանակը կրկին հիանալի է։
Մեր համագիւղացի Արարատը եւ Խարբերդ գիւղէն Անդրանիկը այսօր եկած են մեր տան ջեռուցման համակարգը ընդլայնելու։ Որպէս արդիւնք, մեր ջեռուցման համակարգը անջատուած է, մեզի պատեհ առիթ ընծայելով հեռանալու տունէն, չմսելու համար...
Արեւը դուրս կանչած է բնակչութիւնը։ Փողոցները բազմամարդ են, ինքնաշարժները բազմաթիւ։ Շուկան նոյնպէս բազմամարդ է։ Կը հանդիպինք ծանօթներու, բարեկամներու։ Երբ տուն կը վերադառնանք, Արարատը եւ Անդրանիկը դեռ կ’աշխատին...
Երեկոյեան կ’երթանք նշելու Հայկի իններորդ ամսեդարձը։
Կիրակի, 20 Յունուար, 2019
Կրկին արեւոտ եւ հիանալի օր է...
Կէսօրէն ետք Վալդերը վազէվազ կու գայ աւետելու, որ աղբատար մեքենան շուտով կը հասնի մեր փողոցը եւ արագ մեր աղբերը կառատունէն փողոց կը հանէ, որովհետեւ Մարգարը իր կէսօրուան հանգիստին է... Բերնէ բերան կը տարածուի լուրը եւ յանկարծ անցեալ Երեքշաբթի փողոց ելած եւ կրկին ներս առնուած աղբի տոպրակները կը յայտնուին փողոցներու երկայնքին... Աղբահաւաքի ժամանումը իրադարձութիւն է մեր գիւղին մէջ... Ըստ Վալդերին, քանի մը սանդիմ ձիւնն է աղբահաւաքին նշուած օրը չգալու պատրուակը...
Երկուշաբթի, 21 Յունուար, 2019
Արեւոտ եղանակը կարծես մարտահրաւէր կը կարդայ մեզի, որ ծրագիրներ կազմենք այս կամ այն տեղ երթալու։ Կան երկու շատ մատչելի թիրախներ,- Մօտակայ Եղուարդի Եկեղեցին տակաւին չենք այցելած, ոչ ալ Աշտարակի Պերճ Պռոշեանի թանգարանը։ Առայժմ սակայն ծրագրելէ անդին չենք անցնիր...
Զօրակոչի եւ զօրացրւումի ժամանակն է։ Երկու առիթներով ալ «քէֆ»եր կը կազմակերպուին։ Մեր հարեւանները զբաղած են իրենց ազգականներուն եւ բարեկամներուն զաւակներուն համար կազմակերպուած այս հաւաքներուն մասնակցելով...
Զօրակոչիկներու ծառայելու վայրը կը ճշդուի վիճակահանութեամբ։ Անմիջապէս որ յայտնի դառնայ ան, կը սկսին հեռաձայնները բարեկամներու եւ ծանօթներու տեղեկացնելու արդիւնքները... Որոշ վայրեր աւելի վտանգաւոր են քան ուրիշները։ Ծառայութեան վայրը մեծ նշանակութիւն ունի զինուորի պարագաներուն համար...
Երեքշաբթի, 22 Յունուար, 2019
Այսօր մեր տունը կը հաւաքուինք նշելու մեր տան ջեռուցման համակարգի ընդլայնումը։ Տօնական օրերէն ետք, դադար առած էինք։ Հարեւաններով հաւաքուելու պատրուակները ժամանակ մը անտեսեցինք... Այսօր կրկին կը վերադառնանք մեր կեանքի սովորական կշռոյթին...։
Ուրբաթ, 25 Յունուար, 2019
Քանի մը շատ հանդարտ եւ առանց նշանակալի որեւէ բանի օրերու շղթան այսօր ընդհատուեցաւ... Լոս Անճելըսէն հոս են Ռիդան եւ Յովսէփը։ Քանի մը օր, կարդալ, գրել եւ հիւսելէ անդին ընելիք չունէինք։ Հարեւանները կարճ այցելութիւններով եկան ու գացին։ Հակառակ արեւոտ եւ պայծառ եղանակին, տունէն դուրս չելանք։ Յովսէփի եւ Ռիթայի այցելութիւնը հաճելի փոփոխութիւն է...
Շաբաթ, 26 Յունուար, 2019
Այսօր Աշտարակ իջանք գնումներու, ապա Վալդերենց գացինք սուրճ խմելու։ Երեկոյեան հարեւաններով հաւաքուեցանք Հիլտայի մօտ...
Կիրակի, 27 Յունուար, 2019
Այսօր ճաշի հրաւիրուած ենք մեր սուրիահայ բարեկամներու՝ Սարգիսի եւ Սիլվայի մօտ։ Երեւան կ’իջնենք այս առիթով։ Հոս ճաշերը համեղ են եւ զրոյցը ջերմ։ Յետմիջօրէն կ’անցընենք հաճելի մթնոլորտի մէջ։ Կրկին կ’ուրախանանք լսելով իրենց զաւկի՝ Կարոյի ընտանիքի յաջողութիւններուն մասին, հոս կայանալու իրենց ճիգերուն մէջ։ Արդէն հալէպի մէջ կայացած բայց հոս կրկին զեռոյէն սկսելու սուրիահայ ընտանիքներու պարագան հեշտ չէ, բայց յարատեւ եւ նպատակադրուած աշխատանքի պարագային կարելի...
Կը կարդամ, որ «Լաւ Երկիր»ներու միջազգային ցանկին վրայ, Հայաստանը իր դիրքերը բարելաւած է 30 կէտով, 75-երորդ տեղէն բարձրանալով 45-երորդ տեղ։ Ըստ այս ցանկին, միայն 44 երկիրներ կան, որոնք մեր երկրէն աւելի լաւ են ապրելու համար... Նման լուրեր յուսադրիչ են մեր երկրի ապագայի կապակցութեամբ։.. Մեզի համար սակայն, ան կը մնայ լաւագոյն երկիրը ապրելու համար։
Երկուշաբթի, 28 Յունուար, 2019
Այսօր հայոց բանակի կազմաւորման 27-երորդ տարեդարձն է։ Օրը ոչ աշխատանքային է։ Այս օրը տղամարդոց շնորհաւորելու օրն է։ Արեւմուտքի մէջ կայ հայրերու օր, իսկ հոս Բանակի Օր։ Ինծի աւելի հաճելի է լսել «Հայրենիքի Պաշտպանի Օր» ձեւակերպումը... Կան պաշտօնական հաւաքներ եւ նշումներ... ճառեր... պարգեւատրումներ... Մեր բանակը կը մնայ ներկայ հանրապետութեան ամէնէն կարեւոր եւ կայացած ձեռքբերումներէն մէկը։
Այսօր մեր հիւրերն են դիլիջանցիներ՝ Բագրատը, Ռօզան եւ իրենց աղջիկը՝ Անուշը։ Օգտուելով օրուան ոչ աշխատանքային ըլլալէն եկած են մեզի այցելութեան։ Իրենց տղան՝ Գրիգորը, ապահովագրութեան գրասենեակի մը մէջ լիաժամ աշխատելէն բացի անձնական գործ ալ ունի, այնպէս որ այսօր ալ աշխատանքի է եւ չէ միացած իրենց։ Ահաւասիկ Հայաստանցի ընտանիք մը, որ բոլորովին բաց է, նոր ճաշատեսակներ փորձելուն, ուստի առանց տատամսելու մեր սովորական խոհանոցի ճաշերը կը պատրաստեմ իրենց համար... Մեր համագիւղացիները, միայն ժամանակի ընթացքին է, որ ընտելացան մեր խոհանոցին...
Շատոնց առիթը չենք ունեցած մտերմիկ զրոյցի, ուստի լաւ ժամանակ կ’անցընենք։
Երեքշաբթի, 29 Յունուար, 2019
Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիրներէն Արամ Մանուկեանի մահուան 100-երորդ տարելիցն է։ Ցաւօք այս թուականը չի նշուիր պետական մակարդակով։ Մանուկեանի գաղափարակից ընկերները կը հաւաքուին անոր վերջերս կանգնեցուած արձանին մօտ եւ կը մատուցեն իրենց յարգանքի տուրքը։
Ցերեկը մեր հեռատեսիլը միայն մասնաւոր առիթներով կը միացնենք, այնպէս որ գաղափար չունինք թէ ի՞նչ են ցերեկային ծրագիրները։ Այսօր ստանձնած եմ Հիլտայի շան՝ Ճերմակի խնամքը, որպէսզի Հիլտան կարենայ Երեւան իջնել եւ օրը անցընել իր քրոջ զաւկին եւ հարսին հետ։ Ձեռային աշխատանքս առած Հիլտայի տունն եմ, կը սեղմեմ հեռատեսիլի կոճակը։ Մանկական ծրագիր մըն է։ Էլուինը, Սայմընը եւ Թէոտորը ծանօթ են ինծի տղոցս մանկական տարիներէն։ Զանոնք լսած եմ անգլերէնով։ Հիմա, երբ անոնք հայերէն կը խօսին, կը գրաւեն ուշադրութիւնս։ Յիշողութեան կածաններուն մէջ թափառելով զբաղած եմ, երբ քանի մը րոպէնոց լեզուի ճիշդ գործածութեան մասին փոքր տեսերիզ մը կը ցուցադրուի։ Զարմացած կը դիտեմ զայն։ Սկսած են մեր լեզուով հետաքրքրուիլ... Կրկին կը նկատեմ, որ շեշտը քերականութեան վրայ է եւ բառամթերքին ոչ մէկ անդրադարձ կայ...
Երեկոյեան լուրերէն կը լսեմ, որ Գանատայի արեւմուտքը անսովոր ջերմութեան պատճառաւ բալենիները ծաղկած են մէկ ամիս կանուխէն, իսկ հարսերուս ղրկած տեսերիզները Գանատայի արեւելք Թորոնթոյէն, բոլորովին այլ պատկեր կը ներկայացնեն... Անոնք մխրճուած են ձիւներու մէջ...
Չորեքշաբթի, 30 Յունուար, 2019
Աշտարակի մէջ, մեր դրամատան աշխատակցուհին, որուն հետ առնչուիլը հաճոյք է, տօներու առթիւ քանի մը շաբաթ Քալիֆորնիա գացած էր։ Այսօր իրեն կը հանդիպիմ արձակուրդէն վերադարձէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով։ Փոխանակ հարցնելու թէ ինչպէս անցաւ արձակուրդը, իրեն կը դիմեմ, «Հիմա համոզուեցա՞ր, որ մեր երկիրը լաւագոյնն է ապրելու համար», ըսելով։ Կը ժպտի եւ « Մերը ուրիշ է», կը պատասխանէ ... Յստակ չեմ հասկնար, որ դրական է պատասխանը թէ բացասական, բայց իմ սովորական լաւատեսութեամբս կը յուսամ, որ եթէ արտագաղթելու մասին ծրագիրներ ունէր, զանոնք մտքէն հանած է...
Հինգշաբթի, 31 Յունուար, 2019
Ամիսը արագ անցաւ։ Մեր տարիքին արդէն զայն կարելի է շահուած համարել։ Մեր չափանիշներով, ան բաւական մեղմ էր, թէեւ անցեալ տարուան բաղդատուած աւելի ցուրտ։
Էլիզ Շարապխանեան
Ուշի