image

Ղարաբաղեան հիմնահարցը կարելի պիտի ըլլայ լուծել միայն փոխզիջման սկզբունքով. Նախարար Մնացականեան

Ղարաբաղեան հիմնահարցը կարելի պիտի ըլլայ լուծել միայն փոխզիջման սկզբունքով. Նախարար Մնացականեան

Հայաստանն ու Եգիպտոսը ունին շատ խոր եւ հարուստ երկկողմ օրակարգ, եգիպտական «Nile TV» հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեանը:

«Մենք նաեւ ունինք երկխօսութեան եւ համագործակցութեան կարեւոր հարթակներ եւ կը կիսենք բազում ընդհանուր դիրքորոշումներ տարածաշրջանային եւ միջազգային շարք մը հարցերու շուրջ: Ամենակարեւոր սկզբունքներէն մէկը մեր տարածաշրջաններուն մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան վճռական յանձնառութիւնն է, եւ այս առումով մենք շատ ընդհանրութիւններ ունինք:

Հարաւային Կովկասի մէջ ունինք մեր անվտանգային մարտահրաւէրները: Անոնցմէ է Լեռնային Ղարաբաղի չլուծուած հակամարտութիւնը, ուր մեր առաջնահերթութիւնը Արցախի մեր հայրենակիցներու լինելութեան ֆիզիքական անվտանգութիւնն է եւ Արցախի կարգավիճակը: Մենք ներգրաւուած ենք ոչ այդքան դիւրին բանակցութիւններու մէջ: Մենք կը պնդենք, որ հակամարտութիւնը կրնայ լուծուիլ բացառապէս խաղաղ ճանապարհով, մենք կը պնդենք, որ այն պէտք է ունենայ փոխզիջման վրայ հիմնուած լուծում, եւ չի կրնար ըլլալ այնպիսի լուծում, որ հիմնուած չէ դիրքորոշումներու եւ շահերու հաւասարակշռութեան վրայ: Մենք յանձնառու ենք աշխատելու խաղաղութեան եւ անվտանգութեան, հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ»: